ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Գրիգոր Թուղլաճեան
Տէր եւ տիկին Սերժ Թուղլաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեւակ Թուղլաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պօղոս Գարաօղլանեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Գարաօղլանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժան Գարաօղլանեան եւ զաւակունք
Թուղլաճեան եւ Գարաօղլանեան ընտանիքներ
Գաբրիէլեան եւ Գարախանեան ընտանիքներ
Արզումանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ԱՆԱՀԻՏ ԹՈՒՂԼԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳԱՐԱՕՂԼԱՆԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ 11 մայիս 2023-ին, Հալիֆաքս քաղաքին մէջ, Քանատա, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Հանգուցեալին հոգւոյն, կիրակի, 28 մայիս 2023-ին, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, այնուհետեւ ցաւակութիւնները պիտի ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նաեւ ե-նամակով sergiogob@hotmail.com:
—————————————
ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
29 ՄԱՅԻՍ 2023-ԷՆ 5 ՅՈՒՆԻՍ 2023
Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով` տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւ սուրբերու տօնի նախորդող շաբաթ երկուշաբթի, 29 մայիս 2023-էն երկուշաբթի, 5 յունիս 2023, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց մատրան առջեւ, բացօթեայ պայմաններով, ամէն օր երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ հոգեւոր խորհրդածութիւն.
– Երկուշաբթի, 29 մայիս 2023, երեկոյեան ժամը 6:30
Աղօթքի շաբթուան բացում, նախագահութեամբ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
եւ մասնակցութեամբ` թեմիս քահանայից դասուն:
– Երեքշաբթի, 30 մայիս 2023, երեկոյեան ժամը 6:30
Խորհրդածութեան նիւթ` «Քրիստոնեայ ըլլալու պայմանները»
Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ`
ԱՐԺ. Տ. ՍՈՒՐԷՆ ՔՀՆՅ. ԱՍԼԱՆԵԱՆ
– Չորեքշաբթի, 31 մայիս 2023, երեկոյեան ժամը 6:30
Խորհրդածութեան նիւթ` «Ամէնօրեայ աղօթքին դրական արդիւնքը քրիստոնեայի կեանքին մէջ»
Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ`
ԱՐԺ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՔՀՆՅ. ՏԷՐ ԱՐԹԻՆԵԱՆ
– Հինգշաբթի, 1 յունիս 2023, երեկոյեան ժամը 6:30
Խորհրդածութեան նիւթ` «Աւանդութեանց պահպանումը ինքնութեան պահպանումն է»
Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ`
ԱՐԺ. Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
– Ուրբաթ, 2 յունիս 2023, երեկոյեան ժամը 6:30
Խորհրդածութեան նիւթ` «Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնը` առիթ վերանորոգման»
Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ`
ԱՐԺ. Տ. ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
– Երկուշաբթի, 5 յունիս 2023, երեկոյեան ժամը 6:00
Սուրբ եւ անմահ պատարագ, Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով պիտի կատարուի ջրօրհնէք
Նախագահութեամբ`
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
եւ մասնակցութեամբ` թեմիս քահանայից դասուն
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՄԱՅԻՍ 2023-ԻՆ, ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԸ 5:00-ԷՆ ՍԿՍԵԱԼ, ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ:
—————————————
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
Հայ աւետարանական քոլեճը 2023-2024 տարեշրջանին համար կարիք ունի կրթական համադրողի եւ ընդհանուր տեսուչի, ինչպէս նաեւ այլ դասանիւթերու ուսուցիչներու:
Հետաքրքրուողներ իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ղրկել principal@aecbeirut.edu.lb հասցէին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հագուստի հաստատութիւն մը կարիքը ունի վաճառող օրիորդներու` իր ցուցասրահին մէջ աշխատելու համար:
Դիմել` հեռ. 03-722343:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Խնամող-օգնականուհի մը` տարեց կնոջ մը համար:
Աշխատանքի ժամեր` երեկոյեան ժամը 8:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 8:00:
Դիմել` հեռ. 79-166330 թիւին:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՄԻՏԷ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՈՒՐԲԱԹ, 2 ՅՈՒՆԻՍ 2023
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ