Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերկէյ Միրոնով Հանդիպում Ունեցած Է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներու Հետ

Մայիս 25, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արդար Ռուսիա. յանուն ճշմարտութեան» կուսակցութեան նախագահ, Պետական տումային մէջ կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Սերկէյ Միրոնով հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի հետ: Սերկէյ Միրոնով շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրերուն այցելութեան համար` յիշեցնելով, որ «Արդար Ռուսիա. յանուն ճշմարտութեան» կուսակցութիւնը եւ ՀՅԴ-ն վաղեմի բարեկամութիւն ունին, եւ առաջարկած է մեկնաբանել Հայաստանի Հանրապետության վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի տարածք ճանչնալու Երեւանի պատրաստակամութեան մասին:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշած է, որ Դաշնակցութիւնը այդ հարցին մէջ ոչ միայն չ՛աջակցիր Հայաստանի գործող իշխանութեան, այլեւ կտրականապէս դէմ է Լեռնային Ղարաբաղէն հրաժարելու քաղաքականութեան:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն կարծիքով` Նիկոլ Փաշինեան իրաւունք չունի խօսելու Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր բնակիչներուն անունով:

Իր կարգին Սերկէյ Միրոնով ըսած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տագնապը խաղ է Արեւմուտքի ձեռքին մէջ: «Մեծ հաշուով, հաւաքական Արեւմուտքին խորթ են ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ազրպէյճանի ազգային շահերը: Թերեւս Արեւմուտքը այդ կը հասկնայ, բայց անոր պէտք է հարթակ մը, ուր պիտի կարենայ ոտնահարել Ռուսիոյ շահերը», ընդգծած է քաղաքական գործիչը:

 

Նախորդը

Արայիկ Յարութիւնեան Կոչ Կ՛ուղղէ Հայաստանի Իշխանութիւններուն` Ձեռնպահ Մնալու Արցախը Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ճանչնալու Որեւէ Գործողութենէ

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?