Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Նախապատրաստական Ժողովի Ընթացքին Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձը Ողջունող Կեցուածքներ

May 18, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ 19 մայիսին նախատեսուած արաբական վեհաժողովի նախապատրաստութեան արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ընթացքին ողջունեց Սուրիոյ Արաբական լիկային մէջ իր աթոռ վերադարձը` ընդգծելով. «Ժետտայի վեհաժողովին մէջ արաբական ներկայութիւնը ամբողջական է»:

«Իրանէն եւ Թուրքիայէն արաբական երկիրներու հարցերուն իրենց միջամտութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ դրական ցուցանիշեր գոյութիւն ունին», ըսաւ Ապուլ Ղէյթ:

«Սուրիոյ, Եմէնի եւ Լիպիոյ տագնապները կարիքը ունին զանոնք սառեցումէն դուրս բերելու մօտեցումներու, իսկ պաղեստինեան հողերու վրայ կացութիւնը կը մօտենայ պայթումի փուլին», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Իսրայէլեան կառավարութիւնը պատասխանատու է պաղեստինեան հողերուն վրայ կացութեան վատթարացման համար»:

«Կ՛ողջունենք Չինաստանի նախագահին նախաձեռնութեամբ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ համաձայնութիւնը եւ անհամբեր կը սպասենք տարակարծութիւններու լուծման համար վճռական քայլերու», ըսաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը իր կարգին արաբական վեհաժողովի նախագահութիւնը ստանձնելէ ետք նշեց. «Աշխարհը կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրաւէրներ, որոնք մեզի կը ստիպեն անոնց դիմակայման համար միաւորուիլ»: Ան աւելցուց. «Պէտք է մեր երկիրներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմակայման համար նոր մեքանիզմներ հնարենք»:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը ողջունեց Սուրիոյ արաբական վեհաժողովի մասնակցութիւնը եւ ըսաւ. «Արաբ ժողովուրդներու իրավիճակը բարելաւելու համար միացեալ աշխատանքի կարիքը ունինք»:

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Աթթաֆ իր կարգին յայտնեց. «Ալճերիան կ՛ողջունէ Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձն ու Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները զօրացնելու համար առնուած քայլերը»:

«Կոչ կ՛ուղղենք արաբական տարակարծութիւնները արաբական տան մէջ լուծելու», ըսաւ ան:

«Կը մաղթենք, որ լիբանանցիները համաձայնութիւն կը գոյացնեն լուծումներու շուրջ, որոնք վերջ կու տան ներկայ քաղաքական անելին ու հանրապետութեան նախագահ կ՛ընտրեն», յայտնեց Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Ըստ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն, Արաբական լիկայի վեհաժողովի աւարտին հրապարակուելիք հաղորդագրութիւնը «Իրանի յարձակումներուն մատնանշում պիտի չկատարէ եւ Հըզպալլան ահաբեկչական պիտի չորակէ»:

Ըստ տեղեկութիւններու, «լուծուեցաւ վիճայարոյց կէտը, որ մէկ օր առաջ գոյութիւն ունէր «գաղթի բեռ»-ի շուրջ, եւ անիկա դադրած է սուրիական պատուիրակութեան համար խնդիր ըլլալէ»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Նախագահական Ընտրութեան Երրորդ Դիրքը Գրաւած Օղան Պատրաստ Է Էրտողանի Եւ Քըլըչտարօղլուի Հետ Երկխօսութեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.