Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԴՐՕՇԱԿ»-ի Խմբագրական. Ամբողջական Ուժերով

March 20, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրականութեան չի համապատասխաներ խորհրդայնաբոյր այն կարծիքը, թէ նորագոյն պատմութեան մէջ հայոց անկախ պետականութիւնը ստեղծուեցաւ ուրիշներու կամքով: Անշուշտ կասկածէ վեր է, որ կովկասեան շրջանին մէջ խմորուած կացութիւնները իրենց դերակատարութիւնը ունեցան հայութեան ճակատագրի ուղղութեան տեսանկիւնէն. ատիկա երբեք չի նշանակեր սակայն, թէ անոնք միակ տուեալն էին հայոց պետականութեան վերածնունդին:

Պատմական տուեալ է, թէ ամէն անգամ երբ առիթը ներկայացաւ, Հայաստան անկախացաւ իր աշխարհացրիւ ժողովուրդի միասնական պայքարին մէջ նետուած ուժերով: Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին ռուսական ուժերու փախուստը կովկասեան ճակատէն ստեղծեց առիթներէն առաջինը, եւ Հայաստան անկախ պետութիւն դարձաւ միջազգային բեմէն դարերու բացակայութենէ մը ետք: Ի՞նչ կ՛ըլլար սակայն կացութիւնը, եթէ հայութիւնը ամբողջական ուժերով չստեղծէր Սարդարապատը, Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսան: Ուղղակի անհեթեթ է ոմանց կողմէ շարունակուող այն պնդումը, թէ Մայիս 28-ի Հայաստանի Հանրապետութիւնը Թուրքիոյ ստեղծած պետական կառոյցն էր, քանի անոր հետապնդած ծրագիրը ակնբախօրէն հայութեան ամբողջական բնաջնջումն էր: Իսկ նախորդ դարու վերջաւորութեան Խորհրդային Միութեան փլուզման պատճառներէն մէկը ազգային հարցն էր, որ կորպաչովեան ազատութեան ծլարձակումէն անմիջապէս ետք իր արտայայտութիւնը գտաւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ձեռնարկած ազատագրական պայքարով: Այդ պայքարը յաջողութեամբ պսակուեցաւ ամբողջական հայութեան ամբողջական ուժերու ամբողջական լարումով:

Նոյն տրամաբանութեամբ աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր յաջող կերպով կ՛ընթանայ նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործը: Այդ հարցին շուրջ գոյացած համահայկական համաձայնութեան շնորհիւ է, որ երկրագունդի կառավարիչները չեն յանդգնիր այլեւս այդ խնդիրը կրկին իրենց փոշոտած դարակներուն մէջ տեղաւորելու. ատիկա ընելու ցարդ կատարած իրենց բոլոր փորձերը ձախողած են:

Պարզ է ուրեմն: Հայութեան նման փոքր ժողովուրդները միջազգային քաղաքական բեմին վրայ կը յաջողին, երբ միասնակա՛ն ազգային ծրագիրով ու ճիգով կը ներկայանան այդ բեմի գլխաւոր դերասաններուն ու բեմադրիչներուն: Այլապէս` իրենց պայքարունակութիւնը դիւրաւ առիթ կու տայ ներքին աղէտալի պայքարներու: Այդ պատճառով է, օրինակի համար, որ հայութեան քաղաքական ընդդիմադիրները առիթ չեն փախցներ ուղեղալուացքային բոլոր մեթոտներու գործադրութեամբ մեզ ու աշխարհը համոզելու, որ Ցեղասպանութեան հարցին ընկալման ու հետապնդման շուրջ հայրենի հայութիւնն ու սփիւռքահայութիւնը տարակարծիք են: Յստակ է, որ մէկ բռունցքի չարենցեան սկզբունքը ուժեղներն իսկ կը վախցնէ:

Հետեւաբար հայութեան լինելութեան ապահովման համար անհրաժեշտ է բովանդակ հայութեան բովանդակ կարողականութեան օգտագործումը. սակայն ո՛չ միայն ռազմական օրհասական ժամանակներու, այլեւ` տեւապէս. նաեւ` քաղաքական-դիւանագիտական առօրեայ պայքարին մէջ:

Հայաստան ամբողջացուց իր նորագոյն անկախ պետական կառոյցի առաջին քսանամեակը` բաւական դժուար պայմաններու մէջ: Որեւէ անկախ պետութեան պարագայի նման Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը նոյնպէս տուեալ չէ, այլ գոյանալէ ետք կը նուաճուի ամէնօրեայ տաժանագին պայքարով: Զարմանալի բան չկայ այս իրականութեան մէջ: Պետութիւնը, անհատի նման, ապրող-շնչող էակ է. որեւէ անզգուշութիւն եւ ընկրկում կրնայ սպառնալ մինչեւ իսկ անոր գոյութեան: Իր գոյութեան երրորդ տասնամեակը թեւակոխած ըլլալով հանդերձ հանրապետութիւնը տակաւին ամբողջութեամբ կայացած չէ. ան կը դիմագրաւէ հարցեր, որոնց լուծման համար անհրաժեշտ է պետականութիւնը ամրապնդող այլեւայլ ծրագիրներու գործադրութիւնը, յաճախ` անոնց պատրաստութիւնը: Առանց արդիական պետութեան մը բոլոր ստորոգելիներու տիրացման Հայաստան իբրեւ անկախ պետութիւն իր գոյութիւնը երկար ատեն շարունակելու ի վիճակի չէ: Իսկ անկախ պետականութիւնը ժամանակի մէջ ազգի ու իր մշակոյթի գոյութեան հիմնական երաշխիքն է: Հայկական պետական կառոյցներու զօրութենէն, որակէն, մրցունակութենէն կախեալ է անոր ապագայ գոյութիւնը: Հետեւաբար հայկական հաւաքականութեան ինքնութեան պահպանումը` շատ կարեւոր չափով:

Ուրեմն պատասխանատուութիւնը բոլորին է: Հայաստանի պետութեան յարատեւման համար պատասխանատու է ամբողջ հայութիւնը. հայրենի հայութիւնը եւ աշխարհացրիւ ամբողջ հայութիւնը:

16 մարտ, 2012

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ. Թաթուլ Յակոբեանի «Հայեացք Արարատէն» Գիրքի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ցաւակցական Գիրը Ղպտի Քոյր Եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.