Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան հաստատած է, որ Հայաստանը Ռուսիայէն չէ ստացած անհրաժեշտ սպառազինութիւնը, ինչի համար վճարած է միլիոնաւոր տոլարներ:
«Աշխատանքները կ՛ընթանան, սպառազինութիւնները, իրօք, չեն հասած Հայաստան: Կը Փորձենք շարունակել աշխատանքները, աւելցնելիք որեւէ բան չկայ», ըսած է արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ռուսական կողմին որքան գումար վճարուած է, Սաֆարեան յորդորած է այդ հարցով դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Սաֆարեան նաեւ անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցին յայտնած է. «ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու քննարկումներու ճշգրիտ ժամկէտը չեմ կրնար նշել, ըստ երեւոյթին ատիկա Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ քննարկուած է, կը կարծեմ` սեպտեմբերեան իրադարձութիւններու ժամանակ»:
«Որոշում տրուած է այդ քայլը չընել ու շարունակել աշխատանքները, որովհետեւ կան հարցեր, որոնք հետագային քննարկուեցան ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի ընթացքին: Շուտով յայտարարութիւն պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան առնչուած:
«Այս պահուն ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցը օրակարգի վրայ չէ: Կացութիւնը բարդ է. մենք, ըլլալով ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիր եւ ունենալով պարտաւորութիւններ, կը շարունակենք յոյս ունենալ, որ մեր աշխատանքները պիտի բերեն որոշակի արդիւնքներու, տակաւին կայ այդ յոյսը:
«Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ ՀԱՊԿ-ի կողմէ պէտք է կացութեան քաղաքական գնահատական տրուի, որոշ պահու այդ քննարկումները կրնան դարձեալ վերսկսիլ», ըսած է ան:
Անդրադառնալով Պրիւքսելի մէջ 14 մայիսին Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել եռակողմ հանդիպումին` Սաֆարեան ըսած է. «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը միշտ ալ ճանչցուած է, այստեղ նոր բան դժուար թէ ըլլայ այդ առումով»: Ան աւելցուցած է. «Բանակցութիւնները կ՛ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան միջազգային մեքանիզմներու ապահովման շուրջ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞րն է Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ ենթադրուող միջազգային մեքանիզմը, կա՞յ երկիր մը կամ կառոյց մը, որ կրնայ տալ այդ երաշխիքները, փոխնախարարը յայտնած է. «Ատոր շարք մը տարբերակներ կան, ատիկա կրնայ երկիր մը ըլլալ կամ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը: Կան տարբերակներ, եւ ատիկա քննարկման առարկայ է»:
Ան հաւաստեց, որ Մոսկուայի մէջ 19 մայիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները պիտի ընթանան բոլոր կէտերուն շուրջ: