Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցան Նախագահական Եւ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

May 15, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին բացուեցան երկրին տարածքին տեղադրուած 191885 քուէատուփերը:

Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ քուէարկելու իրաւունք ունի աւելի քան 64,1 միլիոն քուէարկող: Շուրջ 4,9 միլիոն քաղաքացիներ առաջին անգամ ըլլալով քուէարկեցին:

Ընտրողներուն տրուեցաւ 2 քուէաթերթիկ` նախագահի եւ երեսփոխաններու համար: Ընտրողները երկու առանձին քուէաթուղթեր տեղադրեցին մէկ ծրարի մէջ եւ զայն նետեցին քուէատուփին մէջ:

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան կը մասնակցին երեք թեկնածուներ` երկրի գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, ընդդիմութեան միացեալ թեկնածու, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուն եւ «ԱԹԱ դաշինք»-ի թեկնածու Սինան Օղան:

Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար արձանագրուած են 24 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ 151 անկախ թեկնածուներ: Եթէ նախագահական թեկնածուներէն ոչ մէկը առաջին փուլին ապահովէ քուէներու բացարձակ մեծամասնութիւնը, երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 28 մայիսին:

Էրտողան Պոլսոյ մէջ քուէարկելէ ետք մաղթեց, որ «արդիւնքը Թուրքիոյ յաւելեալ բարիքներ բերէ»` քաղաքացիներուն կոչ ուղղելով քուէարկելու:

Քըլըչտարօղլու Անգարայի մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Ժողովրդավարութեան, կողք-կողքի կանգնելուն եւ իրարու փարելուն կարօտցանք»: Ան աւելցուց. «Աստուած ուզէ, այս գարնան այս երկրի վերադարձը պիտի տեսնէք, եւ յաւիտեանս պիտի տեւէ»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը «Թուրքիոյ պարտութիւնը պիտի հանգստացնէ Արեւմուտքը եւ մտահոգէ Մոսկուան» խորագիրով զեկուցում մը հրապարակելով գրեց. «Եւրոպացի ղեկավարները ուրախ պիտի ըլլան աւելի դիւրին Թուրքիոյ մը գոյութեամբ, մինչդեռ Ռուսիան տնտեսական ու դիւանագիտական կարեւոր գործընկեր մը պիտի կորսնցնէ, եթէ Թուրքիոյ ղեկավարը իշխանութիւնը կորսնցնէ»:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» իր կարգին գրեց. «Էրտողանի պարտութեան ազդեցութիւնը Թուրքիայէն դուրս պիտի տարածուի` նկատի ունենալով անոր ժամանակաշրջանին երկրին ձեռք բերած հսկայական ազդեցութիւնը»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը նշեց, որ «Էրտողանի ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է»` աւելցնելով, որ Քըլըչտարօղլու խոստացած է, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան նոր ժամանակաշրջան մուտք գործէ` աշխուժացնելով ժողովրդավարութիւնը եւ վերանորոգելով Արեւմուտքի մէջ Թուրքիոյ դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւնները, իսկ Էրտողան լուսարձակները կեդրոնացուց իր իշխանութեան օրերուն Թուրքիոյ առած քայլերուն վրայ:

Քուէատուփերը փակուեցան ժամը 5:00-ին, որմէ ետք ընթացք առաւ քուէներու հաշուարկը: Ըստ նախնական տուեալներու, նախագահական ընտրութիւններու մասնակցութեան համեմատութիւնը 88,31 առ հարիւր է: Քուէատուփերու 45,7 առ հարիւրի արդիւնքին համաձայն, Էրտողան ստացած է քուէներուն 52,3 առ հարիւրը, Քըլըչտարօղլու` 41,82 առ հարիւրը, ԱԹԱ դաշինքի թեկնածու Սինան Օղան` 5,34 առ հարիւրը:

Խորհրդարանական ընտրութիւններու մասնակցութեան համեմատութիւնը 85,46 առ հարիւր է, քուէատուփերու 19,4 առ հարիւրի արդիւնքներուն համաձայն, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 40,9 առ հարիւրը (288 աթոռ), Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 19, 56 առ հարիւրը (150 աթոռ) , Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը` 13,05 (61 աթոռ) առ հարիւր, իսկ Լաւ կուսակցութիւնը` 9, 09 առ հարիւր (44 աթոռ):

Նախորդը

«Իրանի Եւ Եգիպտոսի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լուրջ Դրական Տեղաշարժ Կը Յուսանք Տեսնել» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.