Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի գրասենեակը հաստատած է, որ 14 մայիսին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Միշելի եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:
«Նախագահ Միշել կը շարունակէ սերտ կապի մէջ ըլլալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ` Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը խթանելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած Եւրոպական Միութեան ջանքերը յառաջ մղելու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Եւրոպական խորհուրդը կը յայտնէ, որ արդէն կայ համաձայնութիւն 1 յունիսին նաեւ հնգակողմ հանդիպում կատարել Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի մասնակցութեամբ Մոլտովայի մէջ` Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ:
Շարլ Միշել նաեւ մտադրութիւն յայտնած է հրաւիրել Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարները երկրորդ հանդիպումը կատարելու արդէն հոկտեմբերին Սպանիոյ մէջ` Եւրոպական քաղաքական համայնքի յաջորդ հաւաքի ծիրին մէջ:
«Միշելը, Փաշինեանը եւ Ալիեւը նաեւ համաձայնած են շարունակել Պրիւքսելի մէջ եռակողմ հանդիպումները այնքան յաճախ, որքան անհրաժեշտ է` այդտեղ ընթացող զարգացումներուն եւ պրիւքսելեան հանդիպումներու օրակարգային հարցերուն անդրադառնալու համար», կը յայտնէ Եւրոպական Խորհուրդը:
Մէկ օր առաջ լաւատեղեակ պաշտօնատարներ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին յայտնած էին, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները այս շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ պիտի վերսկսին խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն:
Օրաթերթը վկայակոչած էր երեք աղբիւրներ, ըստ որոնց, արեւմտեան դաշնակիցները կ՛աշխուժացնեն միջնորդական ջանքերը: Կը նշուէր, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել կիրակի օր պիտի հիւրընկալէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Կը նշուէր նաեւ, որ վերջին անգամ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը տեղի ունեցած է փետրուարին, Միւնիխի մէջ:
Յիշեցնենք, որ մայիսի սկիզբը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ եռօրեայ բանակցութիւններ վարած էին Ուաշինկթընի մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու` 14 մայիսին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած հանդիպումը:
«Ասիկա կարեւոր կարելիութիւն է զարգացնելու յառաջընթացը Ուաշինկթընի բանակցութիւններէն ետք», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: