Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիան Վերադարձաւ Արաբական Լիկա

Մայիս 9, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները կիրակի օր Արաբական լիկայի Գահիրէի կեդրոնատեղիին մէջ իրենց գումարած դռնփակ արտակարգ նիստի ընթացքին Սուրիոյ` Արաբական լիկայի մէջ իր աթոռը վերստանձնելուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Ժամալ Ռուշտի յայտարարեց. «Արաբական լիկան Սուրիոյ` իր աթոռին վերադառնալուն շուրջ որոշում մը որդեգրեց»:

Լիկայի խորհուրդը ժողովի աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` յայտարարեց, որ Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութեան առկախումէն 12 տարի ետք, սուրիական կառավարութեան պատուիրակութիւնները այսուհետեւ 7 մայիսէն սկսեալ կրնան մասնակցիլ իր ժողովներուն:

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատեցին Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ յայտարարեցին կազմութիւնը Լիբանանէն, Յորդանանէն, Սէուտական Արաբիայէն, Իրաքէն, Եգիպտոսէն ու Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարէն կազմուած կապի յանձնախումբի մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ Օմանի հաղորդագրութեան գործադրութեան հետեւիլը, սուրիական կառավարութեան հետ ուղղակի երկխօսութիւնը շարունակելն ու սուրիական տագնապին համապարփակ լուծում գտնելը:

Այդ որոշումի որդեգրումէն ետք, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց «արաբական պետութիւններուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմակայման համար երկխօսութեան եւ միացեալ աշխատանքի կարեւորութիւնը»` աւելցնելով. «Յառաջիկայ փուլը երկկողմանի եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ երկխօսութեան, յարգանքի եւ հասարակաց շահերու հիմամբ արաբական ազդու գործելաոճ կը պահանջէ»:

«Արաբական լիկայի հիմնադիր անդամ Սուրիան կը վերահաստատէ արաբական միացեալ աշխատանքի եւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութեան վերաբերեալ իր շարունակական դիրքորոշումը», աւելցուց նախարարութիւնը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Դամասկոս հետաքրքրութեամբ ընդունած է Արաբական լիկայի խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ կառավարութեան պատուիրակութիւններուն խորհուրդի եւ անոր պատկանող մարմիններու ժողովներուն մասնակցութիւնը վերականգնելու որոշումը:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, «եթէ փափաքի», կրնայ այս ամիս Սէուտական Արաբիոյ մէջ նախատեսուած արաբական վեհաժողովին մասնակցիլ:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ պըն Մոհամետ Անսարի յայտարարեց, որ իր երկրին «Սուրիոյ վարչակարգին հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ» կեցուածքը չէ փոխուած, եւ հակառակ Արաբական լիկայի խորհուրդի որոշումին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարութեան հետ յարաբերութիւնները պիտի չբնականոնացնէ:

Ան աւելցուց, որ իր կառավարութիւնը «արգելք» պիտի չըլլայ Արաբական լիկայի որդեգրած քայլին, սակայն Տոհայի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում «նախ եւ առաջ կախեալ է սուրիացի ժողովուրդի ձգտումները իրականացնող քաղաքական լուծումի մը ուղղութեամբ յառաջդիմութենէն»:

Անոր համաձայն, Դամասկոս պէտք է «լուծէ արմատները տագնապին, որ իր մեկուսացման յանգեցուց, եւ աշխատանք տանի սուրիացի ժողովուրդի խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ դրական քայլեր որդեգրելու»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Սուրիոյ` Արաբական լիկայի աթոռ վերադարձնելու որոշումը` նշելով, որ «Դամասկոս արժանի չէ այդ քայլին», ինչպէս նաեւ կասկած յայտնեց, որ Ասատ փափաք ունի իր երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմէն բխած տագնապը լուծելու:

«Բայց եւ այնպէս, Միացեալ Նահանգներ կը կարծեն, որ արաբ գործընկերները մտադիր են Ասատի հետ ուղղակի հաղորդակցութիւնը օգտագործելու երկարատեւ սուրիական տագնապի լուծման համար ճնշում բանեցնելու, եւ Ուաշինկթըն իր դաշնակիցներուն հետ համաձայն է այս որոշումին վերջնական նպատակներուն շուրջ», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Եւրոպական յանձնաժողովը իր կարգին յայտարարեց. «Առանց ՄԱԿ-ի որոշումներուն համահունչ քաղաքական լուծումի, սուրիական վարչակազմին հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում պիտի չըլլայ»:

Նախորդը

Սալման Իշխանը Սալիվընի Հետ Քննարկած Է Երկու Երկիրներու Միջեւ Ռազմավարական Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Եգիպտացի Բեմադրիչ Իսամ Նաժի Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններ Կը Վարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Նոյեմբեր 13, 2025
Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում.  Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ  Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ
Գլխաւոր լուրեր

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում. Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

Նոյեմբեր 13, 2025
Վրաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Մօտ  Ջախջախուած Թրքական Օդանաւին Մէջ  Գտնուող 20 Անձերը Մահացած Են
Միջազգային

Վրաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Մօտ Ջախջախուած Թրքական Օդանաւին Մէջ Գտնուող 20 Անձերը Մահացած Են

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?