Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ռ. Զարդարեան» մասնաճիւղին, «Լոկոս» միութեան եւ «Մունա Պութրոս» հիմնարկին եւ հովանաւորութեամբ «Թաչ» ընկերութեան, շաբաթ, 17 մարտ 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ժեհթաուիի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի բարեկարգման նուիրուած մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, թաղապետներու եւ շրջանի բնակչութեան:
Մամլոյ ասուլիսին Համազգայինի «Ռ. Զարդարեան» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Փաթիլ Գուլաճեան, որ նշեց շրջանի անցեալի փայլուն էջերը եւ Ժեհթաուիի շրջանին մէջ Համազգայինի ունեցած բազմաբնոյթ գործունէութիւնը:
Գուլաճեան աւելցուց, որ 20-21 ապրիլին տեղի ունենալիք ընկերային-մշակութային նախաձեռնութիւններուն մէջ Համազգայինը պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ «Լոկոս» միութեան անունով խօսք առաւ Ճորճ Թաշճեան, որ յոյս յատնեց, թէ արդէն իսկ սկիզբ առած բարեզարդման աշխատանքները միեւնոյն թափով կը շարունակուին: Հաւաքին նաեւ խօսք առին «Մունա Պութրոս» հիմնարկին եւ «Թաչ» ընկերութեան ներկայացուցիչները:
Յայտնենք, որ 21 մարտին Մայրերու տօնին առիթով Ժեհթաուիի մէջ պիտի կազմակերպուի յատուկ նախաձեռնութիւն մը:


