Երեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Միութեան գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ՝ Պատկան Մարմինի Ներկայացուցիչ ընկ. Վրէժ Եագուպեանի եւ ներկայութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեանի։
Մտերմիկ հանդիպումի ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան բարի գալուստ մաղթեց ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին եւ անդրադարձ կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ շրջանի գործունէութեան եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն։
Շրջ. Վարչութեան անդամները ընկ. Յակոբին իրազեկ դարձուցին մարզական կեանքէն ներս Սուրիոյ մասնաճիւղերուն արձանագրած մարզական յաղթանակներուն եւ ձեռք բերած բաժակներուն մասին։
Այցելութեան առիթով, Շրջ. Վարչութեան անդամները ընկ. Յակոբին նուիրեցին Միութեան 100-ամեակին առիթով հրատարակուած գիրքերէն։
https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid0dnfbG64qVyMxpJEvd8wGCAeUcNPHKz4VTDWnm3PiEABYMgVT4W6FMxzGdnP8yZQcl&id=100010774848137


