ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2023-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ` սրբացեալ նահատակներու յիշատակին նուիրուած:
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Սրբոց նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ տեղի պիտի ունենայ Նահատակաց բարեխօսական կարգ, եւ ապա` ծաղկեպսակներու զետեղում` լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կառոյցներու ու մարմիններու կողմէ:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու եկեղեցական արարողութեան եւ իրենց արժանի յարգանքը ընծայելու մեր բիւրաւոր սրբացեալ նահատակներու անմահ յիշատակին եւ զօրավիգ կանգնելու անոնց նուիրական դատին:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր անդամներէն`
ԺԱԳ ՄԱՆԻՇԱԿԵԱՆԻ (Կիւլիւմ) մահը:
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մարալ Լատոյեաններ տիկին Լուսին Մկրտիչեանի մահուան յիշատակին առիթով օրուան ճաշ կը նուիրեն 200 տոլարով:
24 ապրիլ 2023
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Հայ մայրերու եւ ուսուցչուհիներու միութենէն (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), տիկին Իրմա Աքլեան ստանձնեց օրուան մը ճաշի ծախսը:
14 ապրիլ 2023
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Ազատուհի Մելքոնեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով Մելքոնեան, Կարապետեան եւ Մանկասարեան ընտանիքներ կը ստանձնեն օրուան մը ճաշը` 200 տոլարով:
—————————————