Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապցիի Հարազատութեամբ Ապրած Գօգօ Քիլաղպեանի Յիշատակին

March 17, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր ծննդավայրին մարդկայնական յատկութիւնները իւրացուցած հայորդին էր ան:

Գիւղացիի պարզութեամբ ապրող ու շնչող Գօգոն եզակի անձ մըն էր զինք ճանչցող շրջապատին համար:

Հայ ժողովուրդի վիճակուած յետեղեռնեան տառապանքներուն ծնունդն էր, բազմանդամ ընտանիքի մը անդրանիկ զաւակը, որուն կեանքը ձեւով մը հայոց վերապրումի ամբողջ դառնութիւնը կը յիշեցնէր:

Բնականաբար, Գօգոյի մանկութիւնն ու պատանութիւնը տարբեր չէին կրնար ըլլալ իր շրջապատէն, ուր իրեն սերնդակից համագիւղացի հայորդիներու նման կը լծուէր կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու սրբազան գործին, անհատական ճակատագիրի տնօրինման եւ բարեկեցիկ կեանքի մը նուիրագործումին:

Իրօք, հակառակ կեանքի պարտադրած ճնշիչ պայմաններուն,  ան կը տեղափոխուէր Լիբանան` նետուելով կեանքի ասպարէզ, կը հաստատէր իր ատամնաշարի արհեստանոցը: Հոս սկիզբ կ՛առնէր իր կեանքի նորովի ընթացքը` շրջապատուած իր ընտանիքին անդամներուն ջերմութեամբ, հարազատ եղբայրներու եւ քոյրերու անմիջական գուրգուրանքին, աջակցութեան եւ հովանիին ներքեւ:

Տարիներու թաւալքին հետ աւելի եւս պիտի շեշտուէին Գօգօ Քիլաղպեանի մարդկային բարեմասնութիւնները, նահապետական կեանք վարելու անոր խառնուածքն ու կենսաձեւը, որով ան պիտի զատորոշուէր իր շրջապատէն:

Արդարեւ, բազմանդամ ընտանիքի անդամ Գօգոյի համար իր անմիջական հարազատներուն հետ ըլլալու եւ ապրելու նախանձախնդրութիւնը պաշտամունքի համազօր էր, անով  պայմանաւորած էին իր կեանքի ուրախութիւնն ու յաջողութիւնները, ընտանեկան յարկի ամրապնդումն ու ազգային արժէքներու պահպանումը:

Զինք ճանչցողները կը վկայեն, թէ Գօգոյի մարդասէրի եւ ծառայասէրի յատկութիւնները զիրար ամբողջացնող արժանիքներ էին: Անոր մատուցած օժանդակութիւնները անխտիր բոլորին`  լաւագոյն ապացոյցն էին բարեպաշտ իր կերպարին, որով չէր պարծենար, այլեւ առանձնապէս կ՛ապրէր ներքին հրճուանքը` ի տես դիմացինի ուրախութեան:

Կեանքի յաջողութիւնները չէին շլացուցած զինք երբեք: Ան մնացած էր գիւղացիական իր կազմաւորումին հաւատաւորը, տարուիշ տղան,  կենսուրախ հայրը, հոգատար եղբայրը, բոլորին հիւրասէր բարեկամը ու մանաւանդ` իր հայկականութեամբ շէնշող զրուցակիցը:

Հակառակ իր ասպարէզին մէջ ունեցած վաստակին, ձեռք ձգած  փորձառութեան եւ բազմախաւ ծանօթութիւններուն, ինքզինք չէր կաշկանդած, այլ մնացած էր կշռադատ այն անձնաւորութիւնը, որ չէր վարաներ յայտնելու իր տեսակէտներն ու համոզումները տարբեր նիւթերու շուրջ:

Բարեկամական միջավայրի թէ ընկերական մթնոլորտի մէջ սերտ խօսակից էր ան: Դաշնակցական իր պատկանելիութեամբ հպարտ` կը պատմէր Ռուբէն փաշայի այցելութիւնը Քեսապ ու անոր հանդիպումը համագիւղացիներու հետ:

Գօգոյի համար վերանկախ հայրենիքի ու Արցախի  հզօրացումը ազգային ամէնէն նուիրական գործերն էին, խոր ապրումներով եւ  յորդուն զգացումներով կ՛արձագանգէր ազգային կեանքի ամէն յառաջդիմութեան, բայց նաեւ իր շեշտակի եւ սուր մտածումները կը յայտնէր ծուռ եւ պատեհապաշտ երեւոյթներու նկատմամբ:

Անզիջող էր իր մօտեցումներուն մէջ` ի տես ազգային, հոգեւոր եւ կուսակցական տեղատուութիւններու եւ բացթողումներու, եւ ջերմ պաշտպանը` հայաբոյր եւ հոգեպարար ամէն աշխատանքի:

Քառասուն օրեր առաջ Գօգօ Քիլաղպեան հրաժեշտ կու տար կեանքին, իր ետին ձգելով բարի յիշատակներու հոյլ մը, իսկ  զինք ճանչցող  շրջապատը կը կորսնցնէր հեզահամբոյր եւ ազնիւ անհատկանութեամբ յատկանշուող քեսապցի հարազատի, ընկերոջ ու բարեկամի ներկայութիւնը:

Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Նախորդը

Ակնարկ. Օրակարգի Վրայ

Յաջորդը

Գօգօ Քիլաղպեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.