ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիւզան Խարտալեան, ամուսինը` Փիօ Հոլմքուիւսթ եւ դուստրը` Լօրի
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Խօշեան եւ զաւակունք` Համբիկ, Վարագ եւ Գեղարդ
Տէր եւ տիկին Հայկազ եւ Զեփիւռ Իզմիրլեան եւ զաւակունք` Սիմոն եւ Յովիկ
Տիկին Սիլվա Խարտալեան, ամուսինը` Սիմոն Գաֆալեան եւ զաւակները` Գրիգոր, Սեպուհ եւ Մհեր
Տէր եւ տիկին Երեմ եւ Սօսի Եափուճեան եւ զաւակունք` Դաւիթ եւ Րաֆֆի
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Նայիրի Ասլանեան եւ զաւակունք
Խարտալեան եւ Ճուլֆայեան ընտանիքներ
Իզմիրլեան եւ Խօշեան ընտանիքներ
Գաֆալեան եւ Եափուճեան ընտանիքներ
Շիրինեան եւ Ալաճաճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 մարտ 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 26 մարտ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 18:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սոնա Թապագեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Զապէլ Թապագեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Սիւզի Թապագեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Պատրիկ եւ Շողեր Քոփուշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Արտեմ եւ Անի Թապագեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Գէորգ Արսլանեան եւ զաւակունք
Տիկին Զապէլ Արսլանեան-Գարաճեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիկին Մարօ Արսլանեան-Բագարեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Ազօ Արսլանեան եւ զաւակունք (Շարժա)
Թապագեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Քոփուշեան եւ Գարաճեան ընտանիքներ
Բագարեան եւ Կանիմեան ընտանիքներ
Տիլանեան եւ Ագըլեան ընտանիքներ
Չինչինեան եւ Ուզունեան ընտանիքներ
Մազլումեան եւ Գէորգեան ընտանիքներ
Պաաքլինի ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`
ԼՈՒՍԻՆ ԹԱՊԱԳԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1934-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 22 մարտ 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 25 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ ներս, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ:
—————————————
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Կիրակի, 26 մարտ 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին Աջով տեղի պիտի ունենայ աւանդական թափօր եւ պիտի կատարուի ջրօրհնէք:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Ս. Աջը պիտի տեղադրուի Ս. խորանի բեմին վրայ եւ հոն պիտի մնայ մինչեւ իրիկուան ժամը 7:00: Հաւատացեալներ հերթաբար մօտենալով պիտի կարենան ստանալ Ս. Լուսաւորիչ հայրապետին Աջին օրհնութիւնը եւ օրհնուած ջուր:
Նշենք, որ շաբաթ, 25 մարտ 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան առիթով Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի կաթողիկոսարանի մայր տաճարին մէջ, իսկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով պիտի կատարուի հսկումի արարողութիւն` նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու դպրեվանքի ուսանողներու:
ԾԱՆՕԹ.- Կիրակի օր ժամը 10:00-ին, փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերէն.
1) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Պուրճ Համուտ
2) ՔԱՀԼ-ի Ազգային Ծերանոց, Պուրճ Համուտ
3) Ս. Ագնէս վարժարան, Պուրճ Համուտ
4) Ս. Գէորգ եկեղեցի, Հաճըն
5) Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, Հայաշէն
6) Ս. Երրորդութիւն մատուռ, Ֆանար
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 մարտ 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, առաւօտեան ժամը 9:30-ին:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Առեւտրական հաստատութիւն մը կարիքը ունի 18-25 տարեկան երիտասարդի:
Աշխատանքի ժամերը` 8:00-4:00:
Դիմել` 03-628076, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-4:00: