ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Հայկազ Եարտըմեան
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Միրա Եարտըմեան եւ դուստրը` Լեթիսիա
Տէր եւ տիկին Շարլ եւ Քարլա Հաժ եւ զաւակները Քարլ, Քրիստոֆըր, Գարէն եւ Լուիս
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Անի Գասարճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Գէորգ եւ Ալին Փափազեան եւ զաւակունք
Տիար Ժան Եարտըմեան
Եարտըմեան եւ Խուտէսեան ընտանիքներ
Հաժ եւ Գասարճեան ընտանիքներ
Փափազեան եւ Հանուշ ընտանիքներ
Մհաննա եւ Դաւիթեան ընտանիքներ
Մելքոնեան եւ Մազաքեան ընտանիքներ
Նասրալլահ եւ Ահարոնեան ընտանիքներ
Բիրանեան եւ Եսայեան ընտանիքներ
Աբէլեան եւ Գամարեան ընտանիքներ
Պուլղուրճեան եւ Սափսզեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԼԵՆԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ, 1941-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 12 մարտ 2023-ի առաւօտեան:
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 13 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պէյրութի Արաբ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Ռիատ Սոլհ, պետական երաժշտանոցին կից, վարչապետարանին դիմաց, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ երեքշաբթի, 14 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:
—————————————
Կազմակերպութեամբ`
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին
եւ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
«ՊԱՏՈՒԱՍՏՆԵՐՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՀԱՄԱՐ»
Նիւթը կը ներկայացնէ`
ՄԱՆԿԱԲՈՅԺ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Դասախօսութիւնը տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 15 մարտ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»
Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոն
ԿՈՉ «1 ՄԱՐՏ» 2023
1987-2023
Հակառակ երկրին մէջ տիրող անհամեմատօրէն դժուար պայմաններուն, կարելի եղաւ 9 յուլիս 2022-ին տօնել «Զուարթնոց» կեդրոնի 35-ամեակը եւ կատարել վերանորոգուած արդիական նստավայրին բացումը եկեղեցական, ազգային եւ ծնողական ներկայացուցչութեամբ:
Հրաշքի համազօր իրադարձութիւն էր նաեւ կեդրոնիս 2022-2023 տարեշըրջանի 22 դեկտեմբեր 2022-ի տօնավաճառը` հոյլ մը ազնիւ հին թէ նոր բարեկամներու ներկայութեան: Ձեր քաջալերանքը եւ մեր ծնողներուն գոհունակութիւնն ու գործակցութիւնը ամէն օր քիչ մը աւելի կը խրախուսեն մեր հետզհետէ առաւել եւս մասնագիտացած անձնակազմը, գործակից օտար թէ տեղական յանձնառու կազմակերպութիւնները` բազմապատկելով մեր սաներուն երջանկութիւնը:
Մեր սրտագին խնդրանքն է, որ ձեր անձնական, ընտանեկան ու ազգային սիրոյ պարունակին մէջ պահէք լիբանանահայութեան այս իւրայատուկ կառոյցը` իբրեւ անշահախնդիր սիրոյ խորան:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԾԱՆՕԹ.- Կեդրոնս ուրախութեամբ կ՛ընդունի անհատական թէ խմբային այցելութիւնները յատուկ ժամադրութեամբ: Հեռ: 01-26 11 15; Ե-նամակ: zvartnotz@hotmail.com; Դիմատետրի Էջ:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Տպագրական գործատեղի մը կարիք ունի օգնական գործաւորի մը:
Դիմել` հեռ. 01-510975 կամ 03-804159: