Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերային Հոգեբանութիւն. Հոն, Ուր Կիները Կ՛Իշխեն…

March 16, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խասի կիները ստանձնած են իրենց ընտանիքին ղեկը:

… Եւ Տղամարդիկ Կը Պաշտպանեն Իրենց Իրաւունքները: Հնդկաստանի Լեռնային Մէկ Փոքր Նահանգին` Մեկալաիայի Մէջ Մօրենական Անունին Վրայ Հիմնուած Է Ընտանեկան Ժառանգութիւնը, Որ Կը Փոխանցուի Մօրմէն` Աղջկան, Եւ Ոչ Թէ` Հօրմէն Զաւկին: Սակայն Կարգ Մը Տղամարդիկ Սկսած Են Պայքար Մղել` Փոխելու Համար Այս Համակարգը: «Պի. Պի. Սի.»-Ի Լրագրող Թիմոթի Ալըն Կ՛Այցելէ Շրջան Եւ Կը Նկարագրէ Տղամարդոց Վիճակը:

Երբ եւրոպացի առաջին վերաբնակիչները հասան այստեղ, վայրը կոչեցին «Արեւելքի Սկովտիան», որովհետեւ անիկա կ՛ոգեկոչէր Սկովտիոյ ալեծուփ լեռները:

Ի դէպ, նահանգին մայրաքաղաքին` Շիլլոնկի եռուն շուկան կը վխտայ սկովտիական քառակուսի հիւսուածքով աւանդական շալերով, զորս բնակիչները կը կրեն իրենց ուսերուն` աշնան արդէն համատարած ցուրտին:

Այս շուկայէն ոչ շատ հեռու կը գտնուի Չերափունճի գիւղը, որ ժամանակին չափած էր մինչեւ 26.8 մեթրի հասնող անձրեւներու զարմանալի տարափ մը` մէկ տարուան ընթացքին. դէպք մը, որ տակաւին կը նշուի աշխարհի մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ:

Սակայն անձրեւային եղանակը առայժմ դադարի մէջ է, եւ Մեկալաիայի հռչակաւոր մէկ այլ երեւոյթը հետազօտելու եկած եմ:

Սկովտիական քառակուսի հիւսուածքը ժողովրդականութիւն կը վայելէ Շիլլոնկի մէջ

Յայտնապէս կարգ մը հին աւանդութիւններ վերջերս փոփոխութեան ալիքներ կը բարձրացնեն այստեղ եւ պատճառ կը դառնան, որ տղամարդու իրաւունքներու պաշտպան խումբ մը սկսի ժողովրդականութիւն վայելել` վերակենդանացնելով քիչ մը յախուռն գաղափարներ, զորս առաջին անգամ յայտնած էին խումբ մը մտաւորականներ` 1960-ական տարիներուն:

Նստած եմ Քիթ Փարիաթի հետ, սեղանի մը շուրջ: Ան Մեկալաիայի տղամարդոց իրաւունքներու շարժումին` Սինկքոնկ-Ռիմփէյ-Թիմմայի նախագահն է:

Փարիաթ անմիջապէս կը փորձէ յստակացնել, որ իր եւ իր գործակիցներուն նպատակը` «կիները տապալել չէ, այլ` տղամարդիկը բարձրացնել այն մակարդակին, ուր կը գտնուին կիները»:

Դարաւոր սովորութիւններ անտեսելով` Փարիաթ որդեգրած է իր հօր մականունը եւ համոզուած է, թէ մայրիշխանութիւնը ծնունդ կու տայ տղամարդոց այնպիսի սերունդներու, որոնք չեն յաջողիր ի գործ դնել իրենց կարողութիւնները, կը դառնան ոգելից ըմպելիի եւ թմրեցուցիչի մոլի, ինչ որ տիրող համակարգին անբաղձալի հետեւանքներէն է:

«Եթէ կ՛ուզէք գիտնալ, թէ կիները որքա՛ն խտրական վերաբերում կը ցուցաբերեն, պէտք է այցելէք ծննդատուները», կ՛ըսէ ան:

«Եթէ աղջիկ ծնի, ընտանիքի անդամներուն ուրախ բացագանչութիւններ կը լսէք դուրսը: Իսկ եթէ մանչ ծնի, հարազատներ քաղաքավարօրէն կը մրթմրթան. «Ինչ որ Աստուած կու տայ, լաւ է»:

Փարիաթ կը թուէ բազմաթիւ օրինակներ` բացատրելու համար, թէ տղամարդիկ որքա՛ն բարոյալքուած են: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս սեռերու տարբերութիւնը տեղական խասի լեզուին մէջ կ՛արտացոլէ մշակութային հիմնական դրուածքներ:

«Ծառը արական է, սակայն երբ կը վերածուի փայտի, կը դառնայ իգական», կ՛ըսէ ան:

«Նոյնը կարելի է ըսել մեր լեզուին բոլոր գոյականներուն մասին: Երբ բան մը պիտանի կը դառնայ, կը ստանայ իգական յատկանիշ»:

«Մօրենական ժառանգութեան վրայ հիմնուած համակարգը կը ստեղծէ այնպիսի մշակոյթ մը, որուն մէջ տղամարդիկ անպէտ կը զգան իրենք զիրենք», կ՛աւելցնէ ան:

Շիլլոնկի օրաթերթին յարգարժան խմբագիրը` Փաթրիսիա Մուքքում կը վստահեցնէ, որ ժառանգականութիւնը միայն որոշ դեր մը ունի իր դիրքին մէջ, եւ կը նշէ, թէ քաղաքական որոշումներ կայացնելու գործընթացներու մէջ կիներու աւանդական զանցառումը տակաւին ուժեղ կերպով կը շարունակուի իրենց մշակոյթին մէջ:

Այսուհանդերձ, երեք տարբեր տղամարդիկ իբրեւ հայր ունենալով իր զաւակներուն` Մուքքում կ՛ընդունի, թէ ընկերային այս տարօրինակ երեւոյթը բազմաթիւ առիթներ ընձեռած է իրեն իբրեւ մայր, ինչպէս նաեւ` յաջող ասպարէզ մը կերտած կին:

Սահմանէն անդին, Արեւմտեան Պենկալի մէջ կիներու դիմագրաւած առօրեայ հարցերուն ակնարկելով` Մուքքում վճռակամութեամբ կը հաստատէ.

«Մեր մշակոյթը շատ ապահով ապաստան մը կը շնորհէ կիներուն»:

Արեւելեան Խասիի բլուրներուն վրայ խիտ անտառի մը մէջ երկու ժամ քալելէ ետք կը հանդիպիմ 42 տարեկան Մէյրիի:

Ան «քա խատտուհ» է. իր ընտանիքին կրտսեր աղջիկը, այսինքն` ան, որուն ճակատագիրն է իր ծնողներուն հետ ապրիլ, մինչեւ որ ժառանգէ ընտանեկան բնակարանը: Անոր ամուսինը` 36 տարեկան Ալֆրետ կ՛ապրի իրենց հետ:

Մէյրի կ՛ըսէ, թէ կիներ դրամական հարցերու մէջ վստահութիւն չունին տղամարդոց նկատմամբ, հետեւաբար իրենք կը ստանձնեն դրամական պարտաւորութիւններն ու հակակշիռը: Ալֆրետ կը հակազդէ մեղմ ժպիտով:

«Մեր գիւղին մէջ տղամարդիկ ընդհանրապէս կանուխ կը լքեն դպրոցը` իրենց հայրերուն հետ աշխատելու համար արտերուն մէջ: Ասիկա աւեր կը գործէ կրթութեան դիտանկիւնէն», կը շարունակէ Մէյրի:

Ալֆրետ դարձեալ կը հակազդէ մեղմ ժպիտով:

Մէյրի երբեք չէ լսած տղամարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժումին մասին, սակայն կ՛ենթադրէ, որ համակարգին մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կարելի է:

Ալֆրետ կը պահէ իր Մոնա Լիզայի ժպիտը:

Կը մտածեմ, թէ վերջին  խօսքը պէտք է պատկանի Ալֆրետի, հետեւաբար կ՛ուղղեմ պարզ եւ շեշտակի հարցում մը.

«Ի՞նչ կը մտածէ Ալֆրետ մօրենական ժառանգութեան վրայ հիմնուած համակարգին մասին»:

Երկար խորհրդածութենէ ետք, որ յաւիտենական կը թուի,  ի վերջոյ լռութիւնը կը խզուի.

«Կը սիրէ», կ՛ըսէ Մէյրի…:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ընկերային Հոգեբանութիւն. Կիներ Կը Զրկուին Արաբական Գարունէն

Յաջորդը

Ընկերային Հոգեբանութիւն. Մարդիկ Այնքան Խելացի Չեն, Որ Կարենան Առիթ Տալ Ժողովրդավարութեան Ծաղկումին

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.