ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդունեց ամերիկեան դեսպանատան քաղաքական-տնտեսական բաժանմունքի ղեկավար Էմի Սմիթը:
Երկարատեւ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն առնչակից հարցեր եւ զանոնք առաւելագոյն արագութեամբ կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Արծարծուեցան նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական կրթական եւ առողջապահական դժուարութիւնները:
Այս ծիրին մէջ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Լիբանանի հայութեան պարագան եւ հայկական զանազան կառոյցներու գործելադաշտի դժուարութիւնները, որոնք կը վերաբերին ժողովրդային կարիքներու հասնելու անհրաժեշտութեան: