Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ

April 4, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առաջնորդ սրբազանը կ՛ուղղէ իր պատգամը

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 2 ապրիլի առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա` մատաղի պատրաստութիւն, որ երկարեցաւ մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Կիրակի առաւօտեան մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ Աւետարանի նպատակը Աստուծոյ թագաւորութեան հռչակումն է: «Աւետարանի եւ Քրիստոսի հիմնական աւետիսը` Աստուծոյ թագաւորութեան գալուստն է», յայտնեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը այն երջանիկ կեանքն է, որ մարդ պիտի ունենայ, եւ մարդոցմով պիտի վերահաստատուի Աստուծոյ թագաւորութիւնը, որ կը գործէ մարդոց սրտերուն մէջ: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Աստուծոյ թագաւորութիւն հաստատելը չի նշանակեր նոր առարկաներ եւ պարագաներ ստեղծել, այլ` նոր ժողովուրդ ստեղծել, եւ եթէ փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ, այդ մէկը նիւթական չէ, այլ` մարդոց սրտերուն եւ հոգիներուն փոփոխութիւնն է:

Անդրադառնալով սուրբերու տօներուն եւ կեանքին` Գեղամ արք. Խաչերեան նկատել տուաւ, որ անոնք օրինակներ են մեզի համար: «Սուրբերը հաւատքի մարդիկ են… անոնց կեանքը տեսանելի եւ շօշափելի ձեւով մեզի ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչի՛ պիտի հաւատանք», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ արժէքները հաւատքով կը պահուին: Ակնարկելով Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնին` սրբազանը բացատրեց, որ այդ 40 երիտասարդները քրիստոնեաներ էին, որոնք մերժեցին հրաժարիլ իրենց հաւատքէն եւ յանձն առին ամէն տեսակ չարչարանք, որպէսզի պահեն իրենց հաւատքը:

Շարունակելով իր պատգամը` առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն ամուր պահելու իրենց հաւատքը, որպէսզի մեր ազգային արժէքները կարենանք ամուր պահել: «Մեր եկեղեցին, մեր մշակոյթը, մեր հայկականութիւնը Աստուծոյ հաւատքով եւ մեր հայրերուն ժառանգով պիտի պահենք… հաւատքով, արժէքներու վրայ պիտի հաստատենք մեր կեանքը եւ պիտի աղօթենք, որ Աստուած մեր հաւատքը անսասան պահէ», եզրափակեց Գեղամ արք. Խաչերեան:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ վարժարանի սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ եկեղեցւոյ բարերարներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նորընտիր թաղականութեան ատենապետ Գրիգոր Արապաղլեան: Ան նշեց, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւնը հաւաքական եւ նուիրեալ աշխատանքի արդիւնք է:

Գեղարուեստական յայտագիրը վարեց թաղական խորհուրդի ատենադպիր Գէորգ Նալպանտեան, որ ներկայացուց եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ պատրաստուած հայկականութիւն բուրող եւ այդ ոգին հայորդիներուն մէջ վառ պահող յայտագիր մը: Յաջորդաբար հանդէս եկան Երուանդ Քէշիշեան (մեներգ), Յովիկ Թաֆրանեան (մեներգ), Մարօ Սարգսեան (ասմունք), Մարիա եւ Ալիս Իփրաճեան (զուգերգ), Լուսին Տեմիրճեան (մեներգ), Զեփիւռ Ճանպուլեան (մեներգ): Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն Խաժակ Խաչատուրեան` ջութակի վրայ, Նարեկ Հեքիմեան` սրինգի վրայ, Կարօ Սվաքճեան` սրինգի վրայ, Արթիւր Քէշիշեան` տհոլի վրայ, ներկայացուցին ազգային ժողովրդային երգեր, իսկ երգեհոնով ընկերակցեցաւ Քարոլին Գազեզեան: Իր կարգին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի պարախումբը ներկայացուց գաւառական պար մը:

Աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ նորընտիր թաղական խորհուրդին աշխատանքը գնահատելի է, սակայն այս աշխատանքին նախապատրաստութիւնը կատարուած է նախկին թաղական խորհուրդին կողմէ` երկար տարիներու ընթացքին: Ան նշեց նաեւ, որ մեր տուները կը պարպուին հայկականութենէ, որուն պատճառը ծնողներն են, եւ պէտք է մեծ աշխատանք տանիլ այս ուղղութեամբ: Նուիրեալ աշխատանքի մասին խօսելով` սրբազանը յատուկ կերպով գնահատեց բոլոր այն անձերը, որոնք թաղական խորհուրդին եւ տիկնանց միութեան ճամբով գործեցին ու իրենց ծառայութեան լուման ներդրեցին Աստուծոյ ծառայութեան գանձանակին մէջ: Այս իմաստով առաջնորդ սրբազան հայրը օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրեր շնորհեց աւելի քան երեսուն տարի ծառայած թաղական խորհուրդի ատենապետ Աբրահամ Աբրահամեանին, ինչպէս նաեւ երկար տարիներու թաղական խորհուրդի անդամներ Կարապետ Սաղպազարեանի (Պէյլեր), Անդրանիկ Խտըրլեանին եւ տիկնանց միութեան մէջ 46 տարիներու վրայ ծառայութիւն մատուցած եւ ատենապետ Մարի Քէօյլեանին (Հաճի Մարի): Իր կարգին, թաղական խորհուրդը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց թաղական խորհուրդի եւ տիկնանց միութեան մեծարեալ երախտաւորները:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԻ ԱՄԻՍ. ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ՎԱՅԵԼԵՑ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐ

Յաջորդը

ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՌՈՄԱՆ ԱՄՈՅԵԱՆ` ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.