Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի եւ «ԱՅ. ՊԻ. ԷՖ.»-ի վարկածներով առաջին ծանր դասակարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Մուրատ Կասիեւը:
Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի կռփամարտի մեծերու հաւաքականի երկրորդ մարզիչ Ռոպերթ Պետրոսեան:
Այսօր` ուրբաթ, 3 մարտին, Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ արհեստավարժ կռփամարտի երեկոյ մը, որուն ընթացքին ռուս Մուրատ Կասիեւ պիտի մրցի ամերիկացի կռփամարտիկ Մայք Պալոքուի դէմ:
Կասիեւ ծանր դասակարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի Ասիոյ եւ «Ի. ՊԻ. ՓԻ.»-ի Եւրօ-Ասիոյ գործող ախոյեանն է:
Նշենք, որ Քասիեւ, որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացաւ, յայտնեց, որ մօտիկ ապագային իբրեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ յաղթական պիտի բարձրացնէ նաեւ Հայաստանի դրօշը:
Այսօրուան կռփամարտի երեկոյին ընթացքին տեղի պիտի ունենան նաեւ Սամուէլ Ապրէեան-Ղուկաս Ղուկասեան եւ Արման Գալստեան-Հայրիկ Նազարեան Հայաստանը ներկայացնող կռփամարտիկներուն մենամարտերը:


