Բերձորի միջանցքով մեքենաներու անխոչընդոտ անցումը վերականգնելու եւ միջանցքի նպատակային օգտագործման փաստը հաստատելու հարցը երէկ քննարկուած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարի եռակողմ հանդիպումի ընթացքին: Այս մասին «Արցախփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած են Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութենէն:
Կողմերը նաեւ քննարկած են ելեկտրամատակարարման եւ կազի անխափան մատակարարման հարցերը:
Բացի ատկէ, հանդիպումի ծիրին մէջ քննարկուած է Դրմբոնի եւ Կաշէնի հանքավայրերուն մէջ ազրպէյճանական կողմի ներկայացուցիչներու կողմէ շրջակայ միջավայրի հսկողութեան կարելիութիւնը:
Համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են հետագայ համագործակցութեան վերաբերեալ` լարուածութեան նուազեցման եւ շրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման ուղղութեամբ:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ Ազրպէյճանի կողմէ պիտի բանակցի իշխող ուժի անդամ երեսփոխան Ռամին Մամետով: Լրատուամիջոցները կը մանրամասնեն, որ երէկ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումը տեղի ունեցած է Արցախի Իվանեան գիւղին մէջ` խաղաղապահներու կեդրոնատեղի-բնակարանին մէջ: