Հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման ընթացքին պիտի իրականացուին Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ Մոսկուայի հետ միասնաբար մշակուած խաղաղութեան նախաձեռնութիւնները: Երէկ այս մասին «Սփութնիք» ձայնասփիւռէն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Այս շրջանը (Հարաւային Կովկասը) բառացիօրէն կարելի է կոչել հանգուցային, շրջան մը եւս, ուր տակաւին յոյս կայ, որ խաղաղութեան նախաձեռնութիւնները, որոնք կողմերը (Հայաստան եւ Ազրպէյճան) մշակած են Ռուսիոյ հետ, պիտի իրագործուին», ըսած է ան:
Զախարովա միեւնոյն ժամանակ «լկտիութիւն» որակած է Անդրկովկասի մէջ տիրող կացութեան ներթափանցելու Արեւմուտքի փորձերը: Անոր համաձայն, այդ քաղաքականութիւնը կ՛իրականացուի ոչ թէ տագնապը կարգաւորելու համար, այլ ճիշդ հակառակ նպատակներով:
«Դժբախտաբար, մենք երկար տարիներ այստեղ կը նկատենք այս միտումը: Հիմա արեւմտականներն ալ աւելի աշխուժացած են», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Ան յիշեցուցած է, որ արեւմտեան գործընկերներու մասնակցութեամբ տագնապներու լուծման յաջող օրինակներ չկան, մինչդեռ «տագնապներու թիւը կ՛աւելնայ հաւաքական Արեւմուտքի պատճառով եւ նախաձեռնութեամբ»:
«Ոչ ոք կրնայ ըսել, որ տեղ մը, ուր հաւաքական Արեւմուտքի ոտքը, ձեռքը կամ միտքը եղած է, կացութիւնը բարելաւուած է», յայտարարած է Զախարովա: