Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական դատարկութեան փուլին ընթացքին արձանագրուող զարգացումները:
Ժեմայէլ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան ընթացքին կրնայ քաոս տիրել, ինչպէս նաեւ երկրին հաստատութիւնները կրնան քայքայուիլ:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ ներկայիս խորհրդարանին եւ կառավարութեան կողմէ տրուած որեւէ որոշում կարելի պիտի չըլլայ գործադրել` նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահի բացակայութիւնը:
Ան յայտնեց, որ պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կրնայ հիմնական բարեկարգումներ իրագործել, պետական հաստատութիւններու աշխատանքը վերակազմակերպել, ամրապնդել Լիբանանի չէզոքութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան վարչակարգին եւ տնտեսական մարզին վերաբերող բարեկարգումներ կատարել:
Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր ընթացիկ ժողովը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահին պարտականութիւնը փրկարար է եւ բարեկարգչական: Խորհուրդը շեշտեց նաեւ, որ հանրապետութեան նախագահին դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ հաստատութիւններու վերակազմակերպումը, ինչպէս նաեւ հիմնական թղթածրարները հակակշիռի տակ պահելն ու անոնց լուծումներ ապահովելը:


