Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի «Աղբարի՜Կ, Ափիկ Մը Ջուր»-Ի Արաբերէն Հատորին Առիթով Շնորհակալական Նամակ Վարչապետ Միքաթիէն

March 15, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութիւնը, հայութեան ապրած արհաւիրքը, թուրքին անմարդկայնութիւնը, ո՛չ միայն հայերուն, այլ` բազմաթիւ ժողովուրդներու նկատմամբ, միշտ եւ տարբեր առիթներով լիբանանեան մակարդակի վրայ լուսարձակի տակ առնուած է լիբանանահայութեան կողմէ: Այս աշխատանքներուն իր մեծ եւ ազդեցիկ նպաստը բերելու կոչուած է Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի «Ցկեանս նահատակութիւն» շարքին երկրորդ հատորին` «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջուր»-ին արաբերէն թարգմանութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներուն արհաւիրքն ու անոր վերապրումը ներկայացնող պատմութիւններ պարփակող այս գիրքը իրականութիւններ կը հրամցնէ ընթերցողին, ապրուած կեանքեր, դառնութիւններ եւ անմարդկայնութիւններ:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի առաջարկով եւ նախաձեռնութեամբ այս գիրքը բաժնուեցաւ լիբանանեան խորհրդարանի բոլոր անդամներուն: Տարբեր արձագանգներ կային այս մասին` շնորհակալական, յուզումի, զարմանքի, բայց եւ այնպէս յատկանշական է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ այս առիթով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին ուղղուած նամակը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ.

«Երախտագիտութեամբ եւ գնահատանքով ստացայ ձեր արժէքաւոր նուէրը, որ ցոյց կու տայ ձեր կառչածութիւնը արմատներուն, ինչ որ հարստութիւն եւ քաղաքակրթական, մշակութային ու մարդկայնական այլազանութիւն կ՛աւելցնէ Լիբանանին նկատմամբ ձեր պատկանելիութեան: Գնահատելով ձեր ազնիւ վերաբերումը` չեմ կրնար չարժեւորել մանկավարժ, մտաւորական եւ գրագէտ պրն. Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի ճիգերը` հրատարակելու «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջուր» հատորը, որ կը ներկայացնէ հայկական պատմական եւ մարդկային փորձառութիւնը եւ զայն կը պահպանէ յաջորդ սերունդներուն համար` իբրեւ վկայութիւն «Ցկեանս նահատակութեան»:

«Կը կրկնեմ շնորհակալութիւնս ձեր նախաձեռնութեան եւ ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն ու յաջողութիւն»:

 

 

 

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց Համախմբումի Միջինքի Ձեռնարկին. «Ես Հպարտ Եմ Հայերով Ու Կը Մաղթեմ, Որ Լիբանանցիք Ձեր Օրինակին Հետեւին` Հայրենիքի Վերատիրացման Վճռակամութեան Մէջ» Յայտնեց Լէյլա Սոլհ Համատէ

Յաջորդը

Պարգեւատրում` Հայ Մամուլի Նուիրեալներուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.