Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 16-րդ հանգրուանի ծիրին գծով տեղի ունեցած վերջին մրցումին, Սաժես Պէյրութ, որ Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.»-ը, անոր դէմ արձանագրեց 100-71 արդիւնքով յաղթանակ մը (29-17, 19-18, 32-19 եւ 20-17):
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քլիֆ Ալեքսանտր (17 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սաժես Պէյրութ, որ այժմ ունի 30 կէտ, կէտով մը միայն ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Տինամոյէն (15 յաղթանակ եւ պարտութիւն մը միայն):
Սաժեսի նման 14 յաղթանակ արձանագրած եւ երկու պարտութիւն կրած է Պէյրութ (3-րդ), մինչ չորրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ռիատի Պէյրութ (13 յաղթանակ եւ 3 պարտութիւն):


