Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեւանը Եւ Պաքուն Պէտք Է Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրեն» Կ՛ըսէ Ալիեւ

January 30, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուն եւ Երեւանը պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրեն` յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար:

«Հայ-ազրպէյճանական Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը աւարտած է, այս տագնապը արդէն լուծուած է», յայտարարած է Ալիեւ` Պաքուի մէջ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ բանակցութիւններէ ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ալիեւ նշած է, որ տակաւին կարելի չէ եղած խաղաղութեան հասնիլ:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի յանգեցնէ խաղաղութեան ձեռքբերման: Մենք կատարած ենք մեր առաջարկները եւ, ինչպէս նախապէս, կը կարծենք, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է անպայման ստորագրուի, հակառակ պարագային մեր շրջանին մէջ վտանգները կրնան մեծնալ», աւելցուցած է Ազրպէյճանի նախագահը:

28 յունուարին Եգիպտոսի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու աւարտին երկու երկիրները շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրած են: Սիսի երկօրեայ այցելութեամբ մէկ օր առաջ հասած էր Ազրպէյճան:

Ազրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի, արդիւնաբերութեան, ջրային հարստութիւններու կառավարման եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան յուշագիրներ ստորագրուած են:

Եգիպտոսի նախագահը Ազրպէյճանէն ետք այցելեց Հայաստան:

 

Նախորդը

«Լաչինի Միջանցքին Շուրջ Կացութիւնը Կը Խոչընդոտէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Տանֆրիտ

Յաջորդը

Հայաստանի Իշխանութիւնները Կ՛արգիլեն ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետին Մուտքը

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.