Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Կ՛ընդգծէ Բերձորի Միջանցքի Անխափան Գործունէութեան Կարեւորութիւնը

January 20, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր կացութիւնը: Վարչապետը նշած է, որ Լաչինի միջանցքի փակումով Ազրպէյճանը անգամ մը եւս կը դիմէ սադրիչ գործողութեան եւ փաստացի կը խախտէ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Բերձորի միջանցքի անխափան գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ նշած Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` շարունակելու նպաստել այդ խնդիրի լուծման:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովման, շրջանային ենթակառոյցներու ապաշրջափակման, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու շուրջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս նոյն օրը յայտարարած է. «Արտաքին գործոց նախարարը այսօր կարելիութիւն ունեցաւ զրուցելու Հայաստանի ղեկավարին հետ, ես կ՛ակնկալեմ, որ ան յառաջիկայ օրերուն կարելիութիւն պիտի ունենայ զրուցելու նախագահ Ալիեւի հետ»:

«Վերջին ժամանակներուն մենք յետընթաց տեսած ենք, երբ խօսքը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին: Մենք կ՛ուզենք, որ կառուցողական երկխօսութիւնը վերականգնուի: Մենք պատրաստ ենք երկկողմանի համագործակցութեան: Մենք պատրաստ ենք համագործակցելու գործընկերներու հետ, ԵԱՀԿ-ի միջոցով, եթէ ատիկա տեղին պիտի ըլլայ եւ երբ տեղին ըլլայ, եռակողմ ձեւաչափով, ինչպէս ատիկա անցեալին ըրած ենք», ըսած է Փրայս` պատասխանելով Ազրպէյճանի հետ երկկողմանի բանակցութիւնները վերսկսելու քայլերը քննարկելու մասին Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հեռաձայնային հաղորդակցութեան վերաբերող հարցումին:

Փրայս աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին ընելու այն, ինչ որ ամէնէն արդիւնաւէտն է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու բանակցողը, եթէ ան արդէն դեսպան Ռիքըրը չէ, Փրայս պատասխանած է. «Ի հարկէ, դեսպան Ռիքըր 30-ամեայ փայլուն ասպարէզէն ետք միայն անցեալ շաբաթ արտաքին գործոց նախարարութենէն թոշակի անցաւ: Սակայն այս նախարարութեան մէջ կան շարք մը անհատներ, որոնք խորապէս ներդրուած են այս հոլովոյթին մէջ, ներառեալ ինքնին ինք` նախարար Պլինքըն: Ասիկա անոր անձնական առաջնահերթութիւնն է: Սակայն այնպիսի մարդիկ, ինչպիսիք են Վիքթորիա Նուլընտը, Քարըն Տանֆրիտը, մեր Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերու գրասենեակի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, յառաջիկային եւս խորապէս ներգրաւուած պիտի ըլլան»:

Ճշդող հարցումին, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ որո՞ւն կը տեսնեն բանակցութիւններու մասնակից` նախագահնե՞րը, թէ՞ նախարարները, Փրայս ըսած է, որ ատիկա կողմերու որոշելիքն է:

 

 

Նախորդը

«Պլինքըն Ըսաւ, Որ Փաշինեան Անկեղծ Է, Սակայն Մենք Ատիկա Ոչ Թէ Խօսքով Կ՛ուզենք Տեսնել, Այլ` Գործով» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Յանձնախումբի Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ` Բանալու Բերձորի Միջանցքը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.