Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախցի 19 Երեխաներ Գորիս-Ստեփանակերտ Ճամբով Վերադարձած Են Տուն, Շուշի-Քարին Տակ Հատուածին Մէջ «Բնապահպան» Ազրպէյճանցիները Տեսախցիկներով Ներխուժած Են Փոխադրակառք

January 19, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական շրջափակման պատճառով աւելի քան մէկ ամիս ծնողական խնամքէ եւ ընտանիքէ կտրուած 19 երեխաներ Գորիս-Ստեփանակերտ ճամբով վերադարձած են տուն: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:

«Երեխաները Գորիսէն Ստեփանակերտ տեղափոխուած են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ուղեկցութեամբ:

Շուշի-Քարին տակ հատուածին մէջ` ճամբու շրջափակուած մասին մէջ, ուր տեղակայուած են «բնապահպան» ձեւացող ազրպէյճանական կառավարական գործակալները եւ անոնց սպասարկող լրագրողները, փոխադրակառքը կանգնեցուած է ազրպէյճանցիներու կողմէ: Այնուհետեւ, փոխադրակառքին մօտեցած են քաղաքային հագուստով դէմքերը փակած 10-15 ազրպէյճանցիներ` տեսախցիկներով, անոնցմէ ոմանք ներխուժած են փոխադրակառք եւ նկարահանած անոր մէջ գտնուող երեխաները:

Ազրպէյճանցիներու սադրիչ գործողութիւններուն պատճառով փոխադրակառքին մէջ յառաջացած է իրարանցում, որուն հետեւանքով երեխաներէն մէկը ուշաթափուած է:

Ռուս խաղաղապահներու կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու շնորհիւ անոնք հեռացուած են փոխադրակառքէն, որ շարունակած է ընթացքը:

Այնուհետեւ, ճամբու շրջափակուած հատուածով անցնելու ընթացքին, ազրպէյճանցիները ցուցադրաբար բղաւոցներ հնչեցուցած են երեխաները տեղափոխող փոխադրակառքերուն ուղղութեամբ:

Ազրպէյճանական կառավարութեան գործակալներու այս լկտի պահուածքը երեխաներու անձնական կեանքի կամայական եւ ապօրինի միջամտութիւն է, անոնց հոգեբանական անձեռնմխելիութեան, պատուի եւ հեղինակութեան նկատմամբ ապօրինի ոտնձգութիւն: Այս յանցաւոր գործողութիւնները ամբողջութեամբ կը բացայայտեն անոնց իրական նպատակներն ու ցանկութիւնները:

Ազրպէյճանցիներու կողմէ հայերու նկատմամբ ազգային ատելութիւնը սահման չի ճանչնար` թիրախաւորելով նոյնիսկ անչափահաս երեխաները:

Այս սադրիչ եւ յանցաւոր գործողութիւնը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ ճամբու փակուած ըլլալու փաստը եւ ատով անվտանգ երթեւեկելու անկարելիութիւնը` նոյնիսկ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ուղեկցութեամբ», գրած է Ստեփանեան:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը` Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Յաջորդը

«Լաչինի Միջանցքը Պէտք Է Մնայ Ռուս Խաղաղապահներու Հսկողութեան Տակ» Կ՛ըսէ Լուքաշեւիչ

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.