Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻԵԴ-ը Հրատապ Ծանուցում Ուղարկած Է Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Յանձնախումբին` Ազրպէյճանի Կողմէ Բերձորի Միջանցքը Ապաշրջափակելու Մասին Իր Որոշումին Կատարումը Վերահսկելու Նպատակով

January 18, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հրատապ ծանուցում ուղարկած է Եւրոպական խորհուրդի Նախարարներու յանձնախումբին Բերձորի միջանցքը ապաշրջափակելու մասին իր 21 դեկտեմբեր 2022-ի որոշումին Ազրպէյճանի կողմէ կատարումը վերահսկելու նպատակով: Այս մասին կը յայտնեն Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի գրասենեակէն:

Նշենք, որ 22 դեկտեմբեր 2022-ին Ազրպէյճանը դիմած էր եւրոպական դատարան` պահանջելով ջնջել միջանկեալ միջոց կիրարկելու որոշումը: Ազրպէյճան միեւնոյն ժամանակ պահանջած էր միջանկեալ քայլեր կիրարկել Հայաստանի դէմ, այն է` «ձեռնարկել իր իրաւասութենէն բխող բոլոր քայլերը ուղղուած ռուս խաղաղապահներու ժամանակաւոր տեղակայման վայրին մէջ գտնուող Ազրպէյճանի տարածքին մէջ բժշկական անյետաձգելի օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց համարժէք բուժումը եւ խուսափիլ այս ուղղութեամբ որեւէ խոչընդոտ ստեղծելէ»:

Ի պատասխան Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը 2022 թուականի դեկտեմբերին եւ 2023 թուականի յունուարին Եւրոպական դատարան ուղարկած է պարբերաբար թարմացուող տեղեկութիւն Բերձորի միջանցքի կացութեան պատճառով Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական ծանր վիճակին մասին: Միեւնոյն ժամանակ Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը Եւրոպական դատարանէն պահանջած էր անյապաղ ծանուցում ուղարկել Եւրոպական խորհուրդի Նախարարներու յանձնախումբին Ազրպէյճանի կողմէ Եւրոպական դատարանի 21 դեկտեմբեր 2022-ի որոշումը չկատարելու վերաբերեալ:

Եւրոպական դատարանը, հաշուի առնելով կողմերու ներկայացուցած փաստարկները, երկուշաբթի օր ամբողջութեամբ մերժած է Ազրպէյճանի պահանջները` 21 դեկտեմբերի 2022-ի որոշումը ձգելով ուժի մէջ: Եւրոպական դատարանը մերժած է նաեւ Հայաստանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրարկելու մասին Ազրպէյճանի պահանջը:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարութիւն

Յաջորդը

Ֆրանսան Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Եւ Անվերապահօրէն Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Տեղաշարժի Ազատութիւնն Ու Անվտանգութիւնը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.