Մեծապետական Հակամարտութեան Վերադարձը
Եւ Եւրասիոյ Կովկասեան Ծայրամասը
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
«Dépasser la limite de la notion de limite, c՛est la nouvelle manière de s՛émanciper» (Bruno Latour, Où suis-je ?)
«Սահման յղացքի սահմանէն անդին անցնիլ, այս է յանձնառութեան նոր ձեւը» (Պրիւնօ Լաթուր, Ո՞ւր Եմ)
Քսանմէկերորդ դարու երրորդ տասնամեակը պիտի յատկանշուի միջազգային բեմին վրայ մեծապետական հակամարտութեանց վերադարձով: «Վերադարձ», որովհետեւ Պաղ պատերազմի աւարտով նաեւ աւարտեցաւ Միացեալ Նահանգներ – Խորհրդային Միութիւն երկբեւեռ հակամարտութիւնը, որմէ ետք առաջինի գերակայութեամբ միաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ բազմաթիւ ու բազմատեսակ ճգնաժամերն ու ռազմաքաղաքական տագնապները, ընդհուպ` մինչեւ պատերազմներ, հեռու էին 19-րդ եւ 20-րդ դարերու բազմաբեւեռ եւ երկբեւեռ աշխարհակարգերու մեծապետական տրամաբանութեան յատուկ ուժական հաւասարակշռումի հետամուտ տինամիքներէն: Միջազգային բեմին վրայ մեծապետական հակամարտութեան վերադարձի նախանշանները կային դեռեւս 2008-էն ի վեր: Նոյնիսկ աւելի առաջ` 2001-2011 տարիներուն, երբ «Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»-ի տասնամեակին ռազմական բախումներով յղի տագնապներու խաղաղ կարգաւորման նախանձախնդրութիւնը տեղի տուաւ զինուորական միջամտութիւններու նախընտրութեան` ի դէմս Միացեալ Նահանգներու շեշտուածօրէն միակողմանի վարքագծով: Սակայն մեծապետական հակամարտութեան նորագոյն վերադարձի անկիւնադարձային իրողութիւնը եղաւ 24 փետրուար 2022-ին Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ շղթայազերծած պատերազմը, որ մինչեւ նոյեմբերի աւարտ տակաւին կը շարունակուէր: Անկախ անկէ, 2022-ի երկու այլ իրադարձութիւններ եւս կը յուշեն միջազգային լարուածութեան նոր փուլի մը գալուստը. ԱՄՆ-ի եւ ՕԹԱՆ-ի ռազմավարութեանց մէջ Չինաստանի ընկալումը` որպէս «համակարգային մարտահրաւէր» Եւրօ-Ատլանտեան ապահովութեան, եւ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան վերջին Ազգային համաժողովի փաստաթուղթին մէջ միջազգային բեմին վրայ երկրի «խաղաղ վերելք»-ի բանաձեւի բացակայութիւնը:
Մեծապետական հակամարտութիւններու սկիզբը ազդանշան է միջազգային համակարգի մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան նոր դասաւորման մը անհրաժեշտութեան, որ եթէ իրականանայ, ապա եւ նոր աշխարհակարգի մը մասին պէտք է խօսիլ: Վեսթֆալիոյ դաշնագիրը (1648), Վիեննայի խորհրդաժողովը (1814-15), Եալթա (1945) եւ Ռէյքիավիք (1986) պատմութեան անցած են` որպէս նոր աշխարհակարգերու ծնունդ տուած համաձայնութիւններ, որոնք բոլորն ալ, բացի վերջինէն, տեղի ունեցած են լայնածաւալ պատերազմէ ետք: Նման համաձայնութիւն, սակայն, կրնայ եւ տեղի չունենալ միաբեւեռ աշխարհակարգի անցումային այս փուլի աւարտին: Ոչ ալ մեծապետական հակամարտութեանց սրումը անպայմանօրէն կրնայ յանգիլ ուժական նոր հաւասարակշռութեան դասաւորումի, եթէ ստեղծուած լարուածութիւնը վերաճի լայնածաւալ բախումի` ի մասնաւորի կորիզային զէնքերու առկայութեան: Այս վերջինը ռուս-ուքրանական պատերազմի ամէնէն մեծ հարցականն է: Կամ գոնէ այդ կը թելադրէ Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինի պարբերաբար կատարած – քողարկուած եւ ոչ այնքան, յայտարարութիւնները, որոնք կրնան եւ միտիլ «թաքթիքային» կոչուած կորիզային զէնքի օգտագործման թապուն կոտրել:
Այդուհանդերձ, ի՛նչ ալ ըլլայ ռուս-ուքրանական պատերազմին արդիւնքը, ուժերու վերահաւասարակշռումի գործընթացը տեղափոխուած է Ատլանտեանէն դէպի Հնդկա-Խաղաղական ովկիանոսներ, որ նոր աշխարհակարգի կիզակեդրոնին վերածուած է: Այս գործընթացի գլխաւոր դերակատարներն են Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը, երկու գերպետութիւններ, որոնց տնտեսութիւնները ե՛ւ արտադրողական իմաստով ե՛ւ ֆինանսներով իրարմէ փոխկախեալ են, եւ որոնք բարձր արհեստագիտութեան թէ տիեզերքի հետախուզման/տիրապետութեան մարզերուն մէջ իրարու մրցակից են: Այլ խօսքով, Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի մէջ է, որ քսանմէկերորդ դարը եւ աշխարհի ու մարդկութեան ապագան կ՛որոշուի:
Մեծապետական հակամարտութեան մէջ գլխաւոր դերակատարներու տնտեսաֆինանսական թէ բարձր արհեստագիտական նման փոխկախուածութիւն նախընթաց չունի: Այդ պատճառով ալ զգուշ պէտք է ըլլալ նոր երկբեւեռումի թէ նոր Պաղ պատերազմի պատկերաւորումներով յատկանշել ուժերու հաւասարակշռումի այս տինամիքը: Առաւել, ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներ-Խորհրդային Միութիւն հակամարտութեան չորս տասնամեակին, տարածաշրջանային իմաստով մեծապետական հակամարտութեան ներկայ փուլին ուղղակի թէ անուղղակիօրէն դերակատար են` Ռուսիան, Հնդկաստանը, Թուրքիան, Եւրոպական Միութիւնը, նշելու համար միայն պետական եւ միջպետական միաւորները, որոնք հողատարածքային, ռազմական, տնտեսական զարգացման թէ բարձր արհեստագիտութիւններու տիրապետման իմաստով ունին առանձին կշիռ եւ ձգտումներ: Նաեւ մեծապետական հակամարտութեան վերադարձը կու գայ համամարդկային նորագոյն մարտահրաւէրներու սրումի ժամանակաշրջանի մը. կլիմայական փոփոխութիւն, թուայնացում, հարստութեան վերաբաշխումի պատմականօրէն աննախընթաց անհաւասարութիւն, նոր համավարակներու ռիսք եւ տնտեսա-ֆինանսական ճգնաժամերու յաճախակիութիւն:
Պատմական իւրաքանչիւր ժամանակահատուած ծնունդ կու տայ տեսական եւ վերլուծաբանական յատուկ խօսոյթի, յղացքներու բանաձեւումի եւ բառապաշարի: Տասնիններորդ դարու երկրորդ կէսէն արդէն, երբ գաղութատիրական մրցավազքը սկսաւ յատկանշել այն ժամանակ համաշխարհային բեմահարթակի վրայ ամբողջական տիրապետութիւն հաստատած եւրոպական կայսրապետութիւններու ռազմաքաղաքականութիւնը, աշխարհաքաղաքական մտածողութիւնը, եւ անոր հետ եւրասիական ցամաքամասի հետ առնչուած հանրածանօթ տեսութիւնը, վերածուեցան միջազգային քաղաքականութեան գործընթացները պատմականօրէն բացատրող ամենաառարկայական, կամ գիտական», միջոցին: Մեծապետական հակամարտութեան համար աշխարհաքաղաքական մտածողութեան տրամաբանութիւնը կը ծառայէր նաեւ որպէս ռազմավարական ծրագրումներու ուղեցոյց: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, եւ քանի որ նացի Գերմանիոյ ծաւալապաշտութիւնը բացարձակ ուղեցոյցի վերածած էր աշխարհաքաղաքական մտածողութիւնը, տեսութիւնը վարկաբեկուեցաւ: Գաղափարախօսական աշխարհահայեացքներու եւ արժեհամակարգերու բախումն էր, որ ամէնէն աւելի յատկանշեց Պաղ պատերազմի երկբեւեռ աշխարհակարգի ընկալման, վերլուծումի եւ բացատրութեան խօսոյթը: Պաղ պատերազմէն ետք «համաշխարհայնացումը» վերածուեցաւ միաբեւեռ աշխարհակարգի գրեթէ հոմանիշ յղացքին:
Միաբեւեռ աշխարհակարգը եւ անոր համահունչ համաշխարհայնացման յղացքը, թէեւ ոչ գործընթացը ինքնին, ներկայիս իրենց մայրամուտը կ՛ապրին, եւ ուժերու հաւասարակշռութեան ծանրութեան կեդրոնի տեղափոխումը դէպի Հնդա-Խաղաղական ովկիանոսներ շատ ակնբախօրէն աշխարհաքաղաքական տեղաշարժ մըն է: Յաջորդ տասնամեակներուն պէտք է ակնկալել նոր խօսոյթի մը ծնունդն ու զարգացումը, յղացքներու այլ բանաձեւում եւ… չինական նշանագրերով բառապաշար, որոնցմով պիտի ընկալուի ու բացատրուի նոր աշխարհակարգի ենթադրած միջազգային տինամիքը: Այդ գործընթացին մէջ, պատասխաններու փնտռտուքի կարգով թէ ռազմաքաղաքական ծրագրումներու նախանձախնդրութեամբ, կենսական հարցումներ իրենք զիրենք կը պարտադրեն արդէն: Այդ հարցումներուն ամէնէն հրատապն ու անմիջականը ռուս-ուքրանական պատերազմէն ետք եւրասիական տարածաշրջանի ճակատագիրն է, եւ այդ ծիրին մէջ` անոր կովկասեան ծայրամասի թատերաբեմին վրայ ուժական գործընթացներու արդիւնքը, ուր եւ, պարզ եւ մեկին, խաղի մէջ է հայկական պետութեան «անհետացումը»:
Յղացքը զգայնացունց տրամադրուածութեամբ չէ, որ կը գործածուի:
«Հայաստանը կրնա՞յ անհետանալ» խորագրով մասնագէտներու խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ անցեալ 22 սեպտեմբերին, Լիոնի մէջ: Թուականը թերեւս զուգադիպութիւն էր անկախութեան 31-ամեակին հետ, բայց նման խորագիր առաջին անգամն էր, որ կը գործածուէր հայկական անկախ պետութեան անմիջական ճակատագիրը քննարկումի դնելու կոչուած մասնագիտական հանդիպումի մը: Եւ երբ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն զրոյցը համակարգող Տիգրան Եկաւեան անոր ծանուցման որմազդը յուլիս 23-ին դրաւ Դիմատետրի իր էջին վրայ, «անհետացում» յղացքը անտարբեր չձգեց շատերը, առիթ տուաւ նկատողութիւններու եւ կարծիքի փոխանակման ամբողջ շարքի մը. «նման խորագիր ցաւ կը պատճառէ, «երբե՛ք», «իսկապէս անհրաժե՞շտ է նման զգայնացունց խորագիր` ուշադրութիւն հրաւիրելու համար», «նուազող ժողովրդագրութեամբ, առանց բանակի, առանց դիւանագիտութեան եւ սփիւռքի հետ առանց տեսլականի` ախտաճանաչումը լաւատեսութեան չի հրաւիրեր», «անհետանալ` նախ որպէս գերիշխան պետութիւն, ապա` որպէս հողատարածքային պետութիւն», «իսկ որպէս ա՞զգ, թէ՞ ժողովուրդ», «որպէս պետութիւն», «եթէ խորհրդային ժամանակաշրջանին դիմացաւ եւ չանհետացաւ, կը կարծեմ, որ հաւանականութիւնը իսկապէս քիչ է», «Հայաստանի լինելութիւնը շատ պայմանաւորուած է, բայց ճիշդ հարցումներ բանաձեւելով` թերեւս ապագան տարբեր ըլլայ»…
Վերոնշեալ խորհրդաժողովի անմիջական նախօրեակին, սեպտեմբեր 13-ին, ազրպէյճանական ուժերը լայնածաւալ յարձակումի անցան եւ նոր յառաջխաղացք արձանագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս: Այդ իրադարձութեան լոյսին տակ «անհետացում» յղացքը նոր հնչեղութիւն ստացաւ, նուազ զգայնացունց, բայց ահազանգային կերպով մտահոգիչ դարձաւ: Քառասունչորսօրեայ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք ընդդիմութիւնը արդէն զգուշացնելու սկսած էր պետութեան կործանման մասին: Իշխանութեան վրայ գտնուող ուժը, պարտութեան գլխաւոր «պատասխանատուն, բայց ոչ մեղաւորը», ինչպէս, յիշեցնենք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իրեն յատուկ սոփեստութեամբ բանաձեւեց հարցազրոյցի մը ընթացքին, հասկցնելով, որ կը մերժէր հրաժարական տալ, բացառեց նման հեռանկար: Ապրիլ 2018-էն ի վեր երկրի ճակատագրին մասին որոշումները կեդրոնացուցած քաղաքական ուժն ու անոր ղեկավար նեղ շրջանակը, ղեկավար դէմքը ինքնի՛ն, առաջնահերթային համարեց իշխանութեան վրայ մնալը, իսկ պետութեան կործանման առաջքը առնելու համար սեղանի վրայ դրաւ «տարածաշրջանային խաղաղութեան դարաշրջան»-ի համար աշխատելու իր համոզումը: Այս բոլորը ծանօթ յանկերգ են, բազմիցս յիշուած` անցնող երկու տարիներուն: Սակայն անհրաժեշտ է վերադառնալ անոնց, կրկին յիշեցնել որդեգրուած քաղաքական ընթացքի ոտաբոպիկութիւնը, որովհետեւ, ի դէմս ազրպէյճանական ռազմական յառաջխաղացքով ստեղծուած իրավիճակին, խաղաղութեան ոչ մէկ յառաջընթաց տեսանելի է` բացի կառավարութեան, նոյնինքն վարչապետին թէ Ազգային ժողովի մէջ մեծամասնական ուժի ներկայացուցիչներու կողմէ վերացական, յաճախ զիրար հակասող եւ շփոթ յառաջացնող յայտարարութիւններէն:
Պատերազմի աւարտի օրէն ճիշդ երկու տարի անց, գրաւեալ Շուշիի մէջ Ալիեւի կողմէ հնչեցուցած նորագոյն սպառնալիքներուն դէմ յանդիման, իշխանութիւնները կարծես սկսան անդրադառնալ անոնց լրջութեան: Վարչապետ Փաշինեան Ալիեւի սպառնալիքները որակեց Սիսիանի, Գորիսի, Կապանի եւ այլ հայկական տարածքներու հայ բնակչութիւնը «ահաբեկելու կոչուած արարք»: Իշխանութիւնը հրապարակաւ, եւ ի լուր նախ եւ առաջ հայ հանրային կարծիքին, վստահեցուց, որ յանձնառու կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վրայ ազգային-պետական գերիշխանութեան պահպանումին: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, այսինքն` 28.900 քառակուսի քիլոմեթր հողատարածք, որուն սահմանագծային քարտէսը, սպասելով Ազրպէյճանի հետ «դեմարկացիայի» եւ «դելիմիդացիայի» գործընթացներու արդիւնքին, այնպէս ալ կը մնայ անորոշ: Յստակ է միայն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային գերիշխանութեան պահպանման այս իշխանութիւններուն յանձնառութիւնը կը բացառէ Արցախի մասին որեւէ նշում, թէկուզ եւ` անոր ապահովութեան երաշխաւորի դերով միայն:
Պետութեան «կործանում» եւ «անհետացում» համահունչ յղացքներ կը թուին եւ թերեւս իրենց ենթադրած արդիւնքը այնքան ալ տարբեր չըլլայ հասարակաց հասկացողութեան համար: Այդուհանդերձ, կարեւոր է անոնց տարբերումը: Ընդ որում, «կործանումը» կրնայ յուշել միջազգային յարաբերութիւններու մէջ հանրածանօթ «ձախողած պետութիւն»-ը, որուն մասին ահագին ուսումնասիրութիւն կայ, մինչ «անհետացում»-ը յարաբերաբար նոր եւ դեռ համապատասխան ուսումնասիրութեան չարժանացած յղացք է: Անոնց տարբերման ընդհանուր հիմնաւորումը հետեւեալն է. Պաղ պատերազմի աւարտին միջազգային համակարգի անցումը երկբեւեռ աշխարհակարգէն միաբեւեռ աշխարհակարգ զուգորդուեցաւ համակարգին մէջ գերիշխան պետութիւններու թիւի յաւելումով: Գերիշխան պետական միաւորումներու բազմացումը, որ միաժամանակ միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգը կը բարդացնէ, գէթ անուղղակիօրէն առնչակից է նաեւ մեծապետական հակամարտութեան բացակայութեան: Մեծապետական հակամարտութեան վերադարձը, եւ մինչ ուժերու նոր հաւասարակշռութեան պաշտօնական թէ լռելեան համաձայնութեամբ մը նոր աշխարհակարգի հաստատագրում, պէտք է նախատեսել հողատարածքային պետական միաւորներու «անհետացման» գործընթաց: Այսինքն երկիրներ, որոնց պետութիւնը, թէկուզ եւ ոչ «ձախողած», պարզապէս անկարող է նախաձեռնողական դերակատարութիւն ստանձնել միջպետական գործընթացներու մէջ, նոյնիսկ` այն պարագաներուն, երբ սեփական երկրի եւ ժողովուրդի լինելութեան ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է:
(Շար. 1)