Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆինլանտայի Մէջ. Ինչպէ՞ս Հիւսիսային Եղջերուներ Բուծող Դառնալ

Յունուար 14, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սամիները, որոնք ճանչցուած են նաեւ լափոն անունով, կ՛ապրին հիւսիսային Եւրոպայի մէջ` Նորվեկիա, Շուէտ, Ֆինլանտա, Ռուսիա: Կարգ մը սամիներ հիւսիսային եղջերուներ բուծանելով կը զբաղին:

* * *

Մօտաւորապէս 20 տարիներ առաջ Ֆինլանտայի հիւսիսը երիտասարդ սամիները չէին ուզեր եղջերուներ բուծանելով զբաղիլ: Անոնք կ՛երթային դէպի հարաւ` յուսալով ուրիշ արհեստ մը, ուրիշ կեանք մը գտնել: Այժմ շատ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ կը նախընտրեն մնալ եւ եղջերուներ պահել: Մօտաւորապէս 4000 անասնաբոյծներու մէջ 4 անձերէն մէկը 25 տարեկանէն փոքր է: Ըստ եղջերուներ բուծանողներու ընկերակցութեան նախագահուհիին, մարդիկ սկսած են աւելի լաւ գնահատել ազատութիւնը, բնութիւնը եւ աւանդութիւնները: Այն երիտասարդները, որոնք անասնաբուծութիւնը կ՛ընտրեն, շատ հպարտ են իրենց վիճակով: Բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք կ՛ընտրեն այս արհեստը, կու գան ընտանիքներէ, որոնք արդէն այդ մարզին մէջ կ՛աշխատին:

* * *

Եղջերուները կը պահուին իրենց միսին եւ մուշտակին համար: Վերջին տարիներուն արհեստը արդիականացած է. անասունները կը հաւաքուին յատուկ ինքնաշարժներու, տրոններու, եւ երբեմն նոյնիսկ ուղղաթիռներու միջոցով: Սակայն անասնաբոյծները մտահոգ են կլիմայական խանգարումին պատճառով: Երբ ցուրտ եւ աւելի մեղմ օդի կարճ շրջանները իրարու կը հետեւին, գետինը սառոյցով կը ծածկուի` արգելք դառնալով եղջերուներուն հասնելու իրենց ուտելիքին:

190 Տարեկան Ճոնաթան`
Աշխարհի Ամէնէն Տարիքոտ Կրիան

– Ըստ մասնագէտներուն, Ճոնաթան` հսկայ կրիայ մը, ծնած է 1832-ին: Սակայն ան կրնայ աւելի տարիքոտ ըլլալ:

– Ճոնաթան եկած է Սեշել կղզիներէն: Ան Սենթ Հելէն կղզին հասած է 1882-ին: Անոր տարիքը ճշդելու համար մասնագէտները ուսումնասիրած են անոր` կղզի ժամանումին օրերէն առնուած նկար մը: Ըստ անոնց, այդ ժամանակաշրջանին Ճոնաթան նուազագոյնը 50 տարեկան էր արդէն:

– Այդ թուականէն ի վեր Ճոնաթան կ՛ապրի Սենթ Հելենի ղեկավարին բնակավայրին պարտէզին մէջ: Այս անձը կղզին կը ղեկավարէ` նշանակուելով Անգլիոյ կողմէ, որուն կը պատկանի այդ տարածքը: 140 տարիներու ընթացքին Ճոնաթան` իբրեւ դրացի, ունեցած է 35 ղեկավարներ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– 50 տարի առաջ…

3 ապրիլ 1973-ին ամերիկացի ճարտարագէտ Մարթըն Քուփըր եղաւ այն առաջին անձը, որ մոպայլ հեռաձայնով մը հեռաձայնեց: Անոր գործիքը կը կշռէր մօտաւորապէս 1 քիլօ եւ օժտուած էր 10 սանթիմեթր երկարութիւն ունեցող ալեհաւաքով մը:

– 70 տարի առաջ…

29 մայիս 1953-ին Էտմընտ Հիլըրի եւ Թենզինկ Նորկէյ եղան առաջին մագլցողները, որոնք կրցան հասնիլ Ասիոյ մէջ գտնուող աշխարհի ամէնէն բարձր լերան` Էվերեսթի գագաթը:

– 100 տարի առաջ…

16 հոկտեմբեր 1923-ին իր եղբօր` Ռոյի հետ Ուալթ Տիզնէյ կը ստեղծէ անիմէյշընի իր առաջին աշխատանոցը:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Քանատայի Սասքաչուան շրջանին մէջ մօտաւորապէս 8200 հոգի մասնակցած է ձիւնէ գնդակներու հսկայական կռիւի մը:

– Գոյութիւն ունի գորտի տեսակ մը, որուն մարմինին ջուրին երկու երրորդը սառի կը վերածուի, երբ ան ձմեռնային քունի մէջ կը մտնէ:

– Միացեալ Նահանգներու Մէյօ շրջանին բնակիչները կրցան 12 յարկանի շէնքի մը բարձրութեամբ ձիւնեմարդ մը շինել: Այս աշխատանքը տեւեց մէկ ամիս: Իբրեւ թարթիչներ` անոնք գործածեցին դահոյկներ, իսկ շրթունքներուն համար` ինքնաշարժի անիւներ:

– Ամէն տարի հիւսիսային եղջերուները կը գաղթեն` կտրելով աւելի քան 966 քմ: Ասիկա կը համապատասխանէ մօտաւորապէս Փարիզէն Պերլին հեռաւորութեան:

– Ըստ ճարտարագէտի մը, ձիւնեմարդ մը շինելու համար ամէնէն լաւ ջերմաստիճան – 1,1 աստիճան է:

– Սառոյցի վրայ չմշկելու ժամանցը հնարուած է 5000 տարիներ առաջ, Ֆինլանտայի մէջ:

– Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգին մէջ մարդիկ ձիւնեմարդեր կը շինեն… աւազով:

– Մէկ ձիւնի փաթիլը կրնայ պարունակել 180 միլիառ ջուրի մոլեքիւլներ:

– Ամէն տարի, Ճափոնի Սափփորօ շրջանին մէջ տեղի ունեցող սառոյցի փառատօնին ընթացքին մարդիկ կը շինեն աւելի քան 10 հազար ձիւնեմարդեր:

– Ձիւնամրրիկի մը ընթացքին կրնայ 36.3 միլիոն թոն ձիւն մէկ անգամէն թափիլ:

– Հիւսիսային եղջերուին եղջիւրները ինքնաշարժի անիւէ մը աւելի ծանր կը կշռեն:

– Հիւսիսային եղջերուներուն կճղակները կ՛ընդլայնին ամառը եւ կը կծկուին ձմրան:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1-69` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 13 Յունուար 2023)

Յաջորդը

Հարցազրոյց Բանաստեղծուհի Կամիլա Երկանեանի Հետ. «Պատերազմը Ստիպեց Ինձ Լռել»

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?