Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ-Ազրպէյճանական Բանակցութիւններու Համար Հարթակ Տրամադրելու Ռուսիոյ Առաջարկը Ուժի Մէջ Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

January 13, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա պատասխանած է արցախեան կարգաւորման վերաբերեալ հայկական կողմի յայտարարութիւններուն մասին լրատուամիջոցներու հարցումին: Մասնաւորաբար Զախարովային հարցուցած են, թէ ինչպէ՛ս կրնայ մեկնաբանել 10 յունուարին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ հայկական կողմը պատրաստակամ է ստորագրելու ռուսական առաջարկներու հիման վրայ Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերեալ փաստաթուղթը:

«Դժուար է գնահատել հայկական կողմի դիրքորոշումը, երբ նոյն հարցին շուրջ Երեւանի յայտարարութիւնները էապէս կը տարբերին: Նշուած ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի վարչապետը խօսած է ռուսական առաջարկներու հիման վրայ փաստաթուղթը ստորագրելու մտադրութեան մասին, եւ միեւնոյն ժամանակ տագնապի` Արեւմուտքի կողմէ առաջ քշուող «համապարփակ լուծման» մը նախապատուութեան մասին:

«Նախապէս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Ս. Լաւրովի մեկնաբանութիւններուն մէջ մանրամասն նկարագրուած էր ռուսական ջանքերու ժամանակագրութիւնը ինչպէս թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափերու մէջ, թէ՛ ալ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման միջազգային մեքանիզմներու ծիրին մէջ, ներառեալ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան եւ յարակից եռակողմ համաձայնագիրներու կատարման ծիրին մէջ:

«Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման հարցին մէջ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին վրայ հիմնուելու Երեւանի համաձայնութիւնը, որ ամրագրուած է 2022 թուականի հոկտեմբերին Փրակայի մէջ կայացած վեհաժողովէն ետք կատարուած յայտարարութեան մէջ, արմատապէս փոխած է բանակցային հոլովոյթի տրամաբանութիւնը: Ալմա Աթայի հռչակագիրը կը հաստատէ Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը: Այդ ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը կը մտնէր Ազրպէյճանական խորհրդային հանրապետութեան կազմին մէջ: Ի հարկէ, այս հանգամանքը շատ դժուար է անտեսել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ:

«Յիշեցնենք նաեւ, որ 23 դեկտեմբեր 2022-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ: Երկու երկիրներու ղեկավարները համաձայնած են ատոր: Հանդիպման համար ամէն ինչ պատրաստուած էր: Սակայն Հայաստանի ղեկավարութիւնն էր, որ վերջին պահուն չեղեալ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Ա. Միրզոյեանի այցելութիւնը: Ատիկա թոյլ չտուաւ քննարկել ո՛չ միայն խաղաղութեան համաձայնագիրը, այլ նաեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման այլ հրատապ հարցեր, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը:

«Եթէ հայ գործընկերները իսկապէս շահագրգռուած են գոյութիւն ունեցող խնդիրներու` բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնագիրներու համապարփակ իրականացման համահունչ լուծումով, ապա ակադեմական քննարկումներով զգաղելու փոխարէն անհրաժեշտ է շարունակել միացեալ աշխատանքը: Հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւններու համար հարթակ տրամադրելու ռուսական առաջարկը կը մնայ ուժի մէջ», ըսած է Զախարովա:

«Անգամ մը եւս ընդգծենք, որ Հայաստանը, ցաւօք, փախցուց նախորդ տարուան 23 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ ազրպէյճանցիներու հետ բանակցային յաջորդ փուլը կատարելու լաւ կարելիութիւնը, որ կրնար օգտագործել խնդրայարոյց հարցեր, ներառեալ Լաչինի միջանցքի շուրջ կացութեան քննարկման համար: Բայց եւ այնպէս, մեր առաջարկը ուժի մէջ է, մենք պատրաստ ենք հարթակ տրամադրել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման համար», ըսած է Զախարովա:

«Ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք բարի կամք դրսեւորելու եւ միասնաբար փնտռելու փոխզիջումներ: Մոսկուան պատրաստ է ատոր ամէն տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու», ըսած է ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի բանբերը նաեւ անդրադարձած է ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն` յայտարարելով, որ անոնք դարաւոր, բարեկամական բնոյթ ունին, եւ Մոսկուան պատրաստակամ է այսուհետեւ ալ ամրապնդելու զանոնք թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ ալ համարկման ձեւաչափերով, ներառեալ ՀԱՊԿ-ի, ԵԱՏՄ-ի եւ ԱՊՀ-ի ծիրերուն մէջ:

«Այս ենթահողին վրայ Երեւանէն ստացուող յայտարարութիւնները, մէջբերում` թէ իբրեւ թէ «ռուսական ներկայութիւնը որոշ սպառնալիքներ կը ստեղծէ Հայաստանի անվտանգութեան համար», անհեթեթութիւն են: Տասնամեակներ շարունակ մեր զինուորականները, սահմանապահները ներդրում կ՛ունենան Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ, կը հսկեն անոր սահմանները: Ասիկա առարկայական իրականութիւն է, որ կարելի չէ հերքել: Հայաստանի Հանրապետութեան գործող ղեկավարութիւնը նախապէս հրապարակաւ ըսած է, որ երկրին մէջ ռուսական ներկայութիւնը կը համապատասխանէ երկրի ազգային շահերուն: Իսկ այն արկածախնդիրները, որոնք կոչ կ՛ուղղեն մեր զինուորներուն ցոյց տալ հեռանալու դուռը, ակնյայտօրէն իրենք իրենց հաշիւ չեն տար նման քայլի իրական հետեւանքներու հարցին մէջ», ընդգծած է Զախարովա:

«Մենք կը շարունակենք Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համապատասխան աշխատիլ Լաչինի միջանցքը ամբողջապէս ապաշրջափակելու համար: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան մակարդակով կը կատարուին հետեւողական քայլեր` լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ», յայտարարած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, այս պահուս Լաչինի ճամբէն կ՛անցնին մարդասիրական օգնութիւն փոխադրող շարասիւներ:

Զախարովա ընդգծած է. «Մոսկուան անընդունելի կը նկատէ հրապարակային յարձակումները եւս  շրջանին մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներուն նկատմամբ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի բանբերին համաձայն, Մոսկուային կը մտահոգեն վերջին ժամանակաշրջանին Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն մէջ նկատուող բացասական միտումները եւ շրջանին մէջ լարուածութեան աճը:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն բարի կամք դրսեւորել եւ միացեալ ջանքերով փոխզիջումներ որոնել: Մենք ատոր ըստ ամենայնի պիտի սպասենք», ըսած է Զախարովա:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Երեւանն Ու Պաքուն Կը Յորդորէ Անյապաղ Բանակացութիւններու Սկսիլ Լաչինի Միջանցքի Վերաբացման Շուրջ

Յաջորդը

«Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ». «Ազրպէյճանը Պէտք Է Վերջ Տայ Լաչինի Միջանցքի Փակման»

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.