Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Քերըն Տանֆրիտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են ու քննարկած երկկողմանի օրակարգը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու համագործակցութեան օրակարգը եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: Պայրամով նշած է, որ հակառակ յետհակամարտային շրջանին հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները կարգաւորելու ազրպէյճանական կողմի շարք մը կառուցողական նախաձեռնութիւններուն, այդ հոլովոյթը տարբեր սադրանքներու միջոցով մշտապէս արգելափակուած է Հայաստանի կողմէ», կը նշուի տեղեկատուութեան մէջ:
Պայրամով նաեւ ըսած է, թէ «Հայաստան կոպտօրէն կը խախտէ» 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները` Բերձորի ճամբան օգտագործելով զինուորական սադրանքներու համար, ներառեալ ապօրինի տեղափոխում եւ ականապատում, ապօրինի տնտեսական գործունէութիւն եւ Ազրպէյճանի բնական պաշարներու թալան, նաեւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու կողմէ ապօրինի անցում:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի ճամբու փակման պատճառով հայ բնակչութեան շրջափակման եւ շրջանին մէջ մարդասիրական աղէտի ստեղծման մասին պնդումները ամբողջովին անհիմն են:
«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մեծ թիւով մեքենաներ եւ մարդասիրական այլ մեքենաներ ամէն օր ճամբէն կ՛անցնին», ըսած է Պայրամով:


