Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Մարտունիի Մէջ Սուրբ Ծնունդը Նշուեցաւ Ազգային Պարերով
Յունուար 6-ին` Սուրբ Ծնունդի օրը, Մարտունի քաղաքի Ս. Մեծն Ներսէս եկեղեցւոյ մէջ տէր Յովհան Յովհաննիսեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ պատարագ, որմէ ետք կատարուեցաւ ջրօրհնէք:
Տօնական օրը շարունակուեցաւ Մարտունիի քաղաքապետարանի բակը` ազգագրական պարերու կատարողութեամբ:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին եւ «Լորիկ» մարդասիրական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ իրականացաւ «Սուրբ Ծնունդը ազգային պարերով Մարտունիի մէջ» բացօթեայ ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Հաղորտիի, Մուշկապատի եւ Մաճկալաշէնի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Մունք» ազգային պարի մանկապատանեկան խումբերը:
ՀՕՄ-ի Ամանորեայ Նուէրները` Շրջափակման Մէջ Գտնուող Արցախի Մանուկներուն Համար
Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորը Արցախի Ասկերանի շրջանի Խնապատ, Մարտունիի շրջանի Խնուշինակ, Մարտակերտի շրջանի Մոխրաթաղ ու Գառնաքար համայնքներու աշակերտներուն եւ նախադպրոցական տարիքի երեխաներուն համար ամանորեայ անակնկալ պատրաստեց: Նշուած համայնքներուն մանուկներն ու պատանիները արժանացան նուէրներու:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանի խօսքով, ՀՕՄ-ի ամանորեայ նուէրներու ծրագիրը շարունակական բնոյթ կը կրէ: Այս տարի նախատեսած են աւելի մեծ թիւով աշակերտներու նուէրներ տրամադրել, բայց որովհետեւ դուրսէն պատուիրելու կարելիութիւն չկայ, բաւարարուած են ունեցածով: Ծրագրի իրագործումը կարելի դարձաւ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներու ուղարկած խաղալիքներու եւ հագուստներու շնորհիւ:
Լիլիթ Մարտիրոսեան կարեւոր նկատեց շրջափակման պայմաններու մէջ ապրող մանուկներուն ճնշող առօրեայէն կտրելն ու ամանորեայ հրաշքի նկատմամբ հաւատքը վերականգնելը: Ան կը յուսայ, որ հայութեան միացեալ ուժերով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել Արցախի երեխաներուն խաղաղ եւ անհոգ մանկութիւնը:
Արեւային Ջրատաքացուցիչներ` Մարտունիի Շրջանի 75 Ընտանիքներու Համար
Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք ընտանիքով Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ հաստատուած ՀՅԴ անդամ Շանթ Չարշաֆճեանը շրջանին մէջ իրականացուցած է շարք մը կարեւոր նախաձեռնութիւններ: Հերթականը Մարտունի շրջանին մէջ 5 եւ աւելի երեխաներ ունեցող 75 ընտանիքներու արեւային ջրատաքացուցիներ յատկացնելու ծրագիրն է: «Անհրաժեշտ գումարը հանգանակուեցաւ, նախատեսած եմ քանի մը տարբեր ընկերութիւններու հետ աշխատիլ, որպէսզի աշխատանքը արագ ընթանայ, բայց դժբախտաբար սահմանը փակուեցաւ: Միայն ընկերութեան մը պահեստին մէջ կար յարմար չափի արեւային ջրատաքացուցիչ համակարգ, որն ալ տեղադրեցինք Եմիշճան գիւղի 7 երեխայ ունեցող ընտանիքի տան մէջ», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Շանթ Չարշաֆճեանը:
Ըստ անոր, պէտք է Արցախը ամէն առումով ինքնաբաւ դառնայ: «Պէտք է փորձենք մեր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ Արցախը անկախ դարձնել` յատկապես կազի, հոսանքի անկանխատեսելի անջատումները նկատի առնելով: Նաեւ` շատ երեխաներ ունեցող ընտանիքներու կեանքը աւելի դիւրացնել, որպէսզի մարդիկ ջուր տաքցնելու համար գումար չծախսեն, կամ ալ ծառերը չկտրեն», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի այս օրերուն Շանթ Չարշաֆճեանին եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին միջոցով Մարտունիի գիւղերուն մէջ բեմադրուեցան մանկական թատերական ներկայացումներ:
Ռուս Գրագէտներ Միացան Արցախը Ապաշրջափակելու Կոչին
Վերջերս բանաստեղծ, փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր Սլաւի Աւիկ Յարութիւնեան, որուն գիրքերն ու ստեղծագործութիւնները, հայերէնէն բացի, յայտնի են ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, իտալերէն, գերմաներէն, կատալերէն լեզուներով, անձնական նամակներով եւ խնդրանքով դիմած էր աշխարհի հարիւրաւոր իրեն ընկեր գրողներու` դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին փակումը եւ Արցախի պաշարումը: Իր նամակին մէջ ան մասնաւորապէս նշած էր. «Ազրպէյճանը 120 հազար հայերու, որոնց մէջ` իմ 83-ամեայ մօր համար, փակած է կեանքի այս ճանապարհը»: Հայ բանաստեղծի կոչին արձագանգեցին աշխարհի տարբեր կողմերէն, մասնաւորապէս անոր ռուս գործընկերները հանդէս եկան Ազրպէյճանը դատապարտող կոչով:
ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Ռուսիոյ եւ նախկին խորհրդային բոլոր հանրապետութիւններու համար դժուար ժամանակներուն մեզ կը մտահոգէ այն, ինչ կը կատարուի այն հողին վրայ, որ ժամանակին Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսական կայսրութեան մաս կը կազմէր, այսինքն` Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) շրջափակումը: Նախկին Խորհրդային Միութեան ժողովուրդներուն լաւ ծանօթ է «շրջափակում» ծանր բառը, կը յիշենք Լենինկրատի շրջափակումը Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ: Եւ արդէն գրեթէ մէկ ամիս է, որ փակուած է Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ տանող միակ ճանապարհը` Լաչինի միջանցքը` Արցախի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող զարկերակը: Այդ ճանապարհին փակումը 120 հազար հայ մեկուսացուցած է ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԷՆ: Փակ Է նաեւ օդային ճանապարհը: Համաձայն 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան (Ռուսիա, Ազրպէյճան, Հայաստան), ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ, որ ունի հինգ քիլոմեթր լայնութիւն, անցած է ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ, իսկ Ազրպէյճանը երաշխաւորած է հայ ուղեւորներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ եւ հակառակ ուղղութեամբ: Բայց Ազրպէյճանի «բնապահպանները» փակած են Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ տանող միակ ճանապարհը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը նորութիւն չէ, եւ մեր գործը չէ ուղղակիօրէն միջամտել քաղաքականութեան: Բայց այսօր` 21-րդ դարուն, քաղաքակիրթ մարդկութեան աչքին առջեւ 120 հազար արցախցի երեխաներ, ծերեր եւ կիներ պատանդ վերցուցած են, այսինքն իրական մարդկային աղէտ տեղի կ՛ունենայ: Ներկայ պահուն 200 ֆրանսացի մշակութային գործիչներ քուէարկեցին խաղաղ բնակչութեան օգուտին (անոնց միացեալ յայտարարութիւնը հրատարակուած է «Լը Ֆիկարօ» թերթին մէջ): Կոչին տակ ստորագրեցին նաեւ այլ երկիրներու մշակոյթի գործիչներ, որոնց շարքին` Ռուսիոյ, ինչպէս` ռուս բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, էզոթերիկ եւ միսթիք կրօնական փիլիսոփայ Վլատիմիր Միկուշեւիչը, ռուս գրող, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Վեաչեսլաւ Կուպրիանովը, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, ԱՅ. Ս. Պուշկինի անուան ռուսաց լեզուի պետական հիմնարկի վաստակաւոր փրոֆեսէօր, Ռուսիոյ հետազօտողներու, դասաւանդողներու եւ հռետորաբանութեան ուսուցիչներու միութեան նախագահ, Ռուսիոյ Գրողներու միութեան անդամ, Պետրովսկի գիտութեան եւ արուեստի ակադեմիայի ակադեմիկոս Աննուշկին Վլատիմիր Իվանովիչը եւ ուրիշներ:
Փարաջանովի Թանգարանը Հանդէս Պիտի Գայ Նոր Ծրագիրներով
Յունուար 9-ին ամբողջացաւ համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող ժապաւէններու հեղինակ, շարժանկարի բեմադրիչ, բեմագրող, նկարիչ Սերգէյ Փարաջանովի ծննդեան 99-ամեակը: Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանի աշխատակիցները, անոր արուեստի սիրահարները յունուար 9-ին այցելեցին Կոմիտասի անուան պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին մայեսթրոյի յիշատակին: Այնուհետեւ Փարաջանովի ու թանգարանի ընկերները, բարեկամները, անոր արուեստի սիրահարներն ու թանգարանի այցելուները հաւաքուեցան թանգարանին մէջ, ուր ցուցադրուեցաւ «Ո՞վ էր 66-ամեայ Փարաջանովը» խորագիրով վաւերագրական ժապաւէնը: Ս. Փարաջանովի թանգարանը տարուան ընթացքին նախատեսած է շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց կարգին Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնի համագործակցութեամբ պիտի կազմակերպուի «Շարժանկարի տաճար» ցուցահանդէսը, եւ պիտի ցուցադրուին հատուածներ «Նռան գոյնը» ժապաւէնէն: Այցելուներուն պիտի ներկայացուի «Իրական, անիրական Փարաջանովը» խորագիրով թատերական ներկայացումը: Նախատեսուած է շարժանկարի դիտում-քննարկում, պիտի ցուցադրուին համաշխարհային շարժապատկերի գլուխ գործոցները: Թանգարանը Երեւանի Մնջախաղի պետական թատրոնին հետ պիտի իրականացնէ թատերական նախագիծներ` մնջախաղի միջոցով կենդանացնելով Ս. Փարաջանովի ստեղծագործութիւնները: Տեղի պիտի ունենայ դասախօսութիւններու շարք, պիտի մշակուի եւ պիտի հրատարակուի Փարաջանովի լաւագոյն ժապաւէններու եռալեզու տեղեկատուական գրքոյկը, պիտի ստեղծուի ֆոնտային ստեղծագործութիւններու ելեկտրոնային գեղադիտակը, պիտի հրատարակուի փարաջանովեան առածներու գիրքը: 2022 թուականը եւս բովանդակալից ու աշխուժ գործունէութեան շրջան էր Ս. Փարաջանովի թանգարանին համար: Տարուան ընթացքին թանգարանը կազմակերպած է շարք մը ձեռնարկներ, ընդլայնած է միջազգային եւ տեղական համագործակցութիւնը` կազմակերպելով ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ արտասահմանի ու թանգարանին մէջ եւ թանգարանի տարածքէն դուրս: Նախորդ տարի ձեռնարկներուն մեկնարկը տրուեցաւ յունուար 9-ին` Ս. Փարաջանովի ծննդեան օրը` «Ներքին ազատութիւն: Փարաջանովը տանը» խորագիրով շնորհահանդէսով: Փետրուարին «Արուեստի ընկերներ» մշակութային-բարեսիրական հիմնադրամի աջակցութեամբ, թանգարանը գործարկած է ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան նոր կայքէջը, որ հասանելի է www.parajanovmuseum.am հասցէով: Բացուած է «Չարենցը Փարաջանովի յարկին տակ» խորագրով ցուցադրութիւնը` նուիրուած Եղիշէ Չարենցի 125-ամեակին: Արտերկրի մէջ 2021 թուականին սկիզբ առած միջազգային համագործակցութիւններու իբրեւ արդիւնք` 2022 թուականին թանգարանը իրականացուցած է ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ. Ֆրանսայի Մոն-Տէ-Մարսան քաղաքի Տեսփիօ Վլերիք թանգարանին մէջ, «Երազ» փառատօնի ծիրին մէջ բացումը կատարուած է Սերգէյ Փարաջանովի ստեղծագործութիւններու «Ես միայն երազելու իրաւունք ունեմ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին: Մարտ-ապրիլ ամիսներուն Մոնաքոյի մէջ ընթացաւ Մոնաքոյի իշխանուհի Քարոլինայի բարձր հովանաւորութեան տակ կայացող «Մոնթէ Քարլոյի արուեստներու գարուն» միջազգային երաժշտական փառատօնը: Երեք օր շարունակ փառատօնի մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան ծանօթանալու մեծանուն շարժանկարի բեմադրիչ, արուեստագէտ Սերգէյ Փարաջանովի ստեղծագործութիւններուն: Փառատօնին մասնակիցները ծանօթացան Փարաջանովի շարժարուեստին եւ կիրառական արուեստի ստեղծագործութիւններուն` վերատպութիւններու միջոցով: «One Monte-Carlo» համաժողովներու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-քննարկում, ուր թանգարանի տնօրէն Անահիտ Միքայէլեանը եւ երաժշտահան Միշել Պետրոսեանը հանդիսատեսին ներկայացուցին Փարաջանովի արուեստի իւրայատկութիւնները, «Սայաթ Նովա» ժապաւէնի ստեղծման պատմութիւնը: Մոնաքոյի շարժապատկերի մեծ սրահին մէջ ֆրանսերէն ենթագիրներով ցուցադրուեցաւ «Սայաթ Նովա» ժապաւէնը, որուն յաջորդեց Փարաջանովի ստեղծագործութիւններու վերատպութիւններու հիման վրայ կազմակերպուած ցուցահանդէսը: Միջազգային համագործակցութիւն` Հայաստանի մէջ ապրիլին «Ֆրանսախօսութեան օրերը Հայաստանի մէջ» խորագիրը կրող ձեռնարկի ծիրին մէջ իրականացուած է «Փարիզը Փարաջանովի աչքերով» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը, որուն ծիրին մէջ լուսանկարներու միջոցով ներկայացուած են բեմադրիչին Փարիզ կատարած ուղեւորութեան մասին պատմող նիւթերը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ սպանացի արուեստագէտ, պարուհի, թարգմանիչ Այնարա Լոփեզի «Միջամտութիւններ յիշողութեան հետ» պարային ներկայացման անդրանիկ ներկայացումը: Ցուցադրուեցաւ «Տիկնիկային քոլաժ» խորագիրը կրող տիկնիկային ներկայացումը` վրացահայ նկարիչ, տիկնիկագործ Արմէն Յովհաննիսեանի թատրոնի մասնակցութեամբ: Մայիս 18-ին իրականացան ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ` «Թանգարաններու միջազգային օրուան» եւ «Թանգարանային գիշեր» ձեռնարկի ծիրին մէջ, կազմակերպուեցաւ «Մշակութային դրսեւորումները Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանին մէջ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը: Վահան Բադալեանի «Շնչող արուեստ 2»-ի նախագիծի ծիրին մէջ Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանին մէջ կայացաւ ներկայացում մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնի նկարները: Թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ մոսկուաբնակ հայազգի երգիչ-երաժիշտ Նարեկ Գէորգեանի փարաջանովեան մոթիֆներով «Սայաթ Նովա, աքուսթիքա եւ կրաֆիքա» համերգային ծրագիրը: «Փարաջանովի սպասքի սիմֆոնիան» ժամանակաւոր ցուցադրութեան միջոցով հասարակութեան ներկայացուեցաւ թանգարանի ֆոնտին մէջ պահուող եւ երբեւէ չցուցադրուած Փարաջանովի անձնական իրերը (մասնաւորապէս` սպասքը): Տեղի ունեցաւ Ստեփան Անդրանիկեանի «Յուշեր կեանքի տեւողութեամբ» գիրքին շնորհահանդէսը: Ընկերային ծրագիրներու շրջանակին մէջ մանկատան երեխաներու համար նկարիչ-տիկնիկագործ Արմէն Յովհաննիսեանի թատրոնը հանդէս եկաւ տիկնիկային ներկայացումով: Փարաջանովի յարկին տակ տեղի ունեցաւ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի հիւրերու աւանդական դարձած ընդունելութիւնը: Կայացաւ Գագիկ Կարապետեանի «Տոնինօ Կուերա եւ Սերգէյ Փարաջանով» գիրքին շնորհահանդէսը: «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր»-ու ծիրին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Փարաջանովը երէկ, այսօր եւ վաղը» խորագրով ցուցահանդէս: Կիթառահար Արտեոմ Տերուոյետը հանդէս եկաւ «Փարաջանովի երազները Սպանիոյ մասին» խորագիրը կրող մենահամերգով: Թանգարանին մէջ այցելուներու եւ հիւրերու համար ցուցադրուեցաւ Իրանի «Տիկար» թատերախումբին բեմադրած «Պիյինկ Փարաջանով» ներկայացումը, բեմադրող բեմադրիչ` իրանցի գրող, թարգմանիչ Արաշ Սանճապի: Իրականացաւ «Ս. Փարաջանովի անդրադարձը ռուս անուանի արուեստագէտներու եւ հասարակական գործիչներու» խորագիրը կրող ցուցահանդէս եւ դասախօսութիւն: «Սար» պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սերգէյ Փարաջանովի լուսանկարները Արա Պապլոյեանի հաւաքածոյէն» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած լուսանկարները հանրութեան ներկայացուեցան առաջին անգամ: Տարեվերջին կայացաւ «Փարաջանովի, Զաւէնի եւ քիչ մըն ալ իմ մասին» խորագիրը կրող հանդիպում` Եուրի Մեչիտովի հետ: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութենէն:
Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի Հաւաքածոները Համալրուեցան Աւելի Քան 6 Հազար Նմուշով
2022 թուականը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին համար բեղմնաւոր տարի եղաւ: Հակառակ անոր որ թանգարանի մնայուն ցուցադրութեան զգալի մասը փակ եղաւ, այնուհանդերձ, թանգարանը շարունակեց աշխուժ աշխատիլ: Պատմութեան թանգարանէն յայտնեցին, որ 2022 թուականին թանգարանին հաւաքածոները համալրուեցան աւելի քան 6 հազար նմուշով, իրականացաւ 50-է աւելի մշակութային ձեռնարկ եւ դասախօսութիւն, ինչպէս նաեւ գիտաժողով` նուիրուած Սիւնիքի եւ Արցախի ազատագրական պայքարի 300-ամեակին:
«Հնագոյն մարդու հետքերով. քարէ դար» ցուցասրահի բացումով տրուեցաւ մնայուն ցուցադրութեան վերաբացման մեկնարկը, իսկ տարուան ընթացքին կազմակերպուեցաւ աւելի քան 10 ժամանակաւոր ցուցադրութիւն ինչպէս Հայաստանի մէջ, նոյնպէս ալ մեր երկրի սահմաններէն դուրս: Վերջիններէն մեծ արձագանգ ստացաւ Նետրլանտներու Ասսեն քաղաքի Դրենց թանգարանի մէջ բացուած «Արարատի հմայքի ներքեւ. գանձեր Հին Հայաստանէն» ցուցահանդէսը, որ ճանչցուած է իբրեւ Նետրլանտներու տարուան լաւագոյն ցուցադրութիւնը եւ ստացած առաջին մրցանակը` ունենալով աւելի քան 90 հազար այցելու:
Ամփոփուեցան 2022-ի «Լաւագոյն Ուսանող» Հանրապետական Մրցոյթի Արդիւնքները. 33-էն Եօթն Երեւանի Պետական Համալսարանէն Են
Ամփոփուեցան 2022 թուականի «Լաւագոյն ուսանող» հանրապետական մրցոյթին արդիւնքները. յաղթող ճանչցուեցան հանրապետութեան տարբեր համալսարաններու 33 ուսանողներ:
Երեւանի պետական համալսարանէն մրցոյթին մասնակցելու համար ընտրուեցան 8 ուսանողներ, որոնցմէ եօթն գրաւեցին մրցանակային տեղեր:
Երեւանի պետական համալսարանէն յայտնեցին, որ ամէնամեայ մրցոյթին նպատակն է բացայայտել եւ խրախուսել բարձր յառաջադիմութիւն ունեցող եւ ուսումնառութեան ընթացքին աշխուժութիւն ցուցաբերած ուսանողները, ինչպէս նաեւ` աջակցիլ անոնց մասնագիտական հետագայ կատարելագործման հարցին մէջ:
Հանրապետական մրցոյթը կայացաւ ըստ կրթական աստիճաններու` պսակաւոր ու մագիստրոս, եւ ըստ ոլորտներու` բնագիտութիւն, հասարակագիտութիւն, հայագիտութիւն, ընկերային գիտութիւններ, բժշկութիւն, ճարտարագիտութիւն եւ մշակոյթ-մարմնամարզ:
2022 թուականին «Լաւագոյն ուսանող» հանրապետական մրցոյթի Երեւանի պետական համալսարանի մրցանակակիր ուսանողներն են` Րաֆֆի Շահմուրադեան (կենսաբանութիւն, 4-րդ լսարան), Արեւիկ Ղռմաջեան (կենդանաբանութիւն եւ մակաբուծաբանութիւն, մագ. 2-րդ լսարան), Աշոտ Մկրեան (հայոց լեզու եւ գրականութիւն, մագ. 2-րդ լսարան), Յասմիկ Ափրէեան (փիլիսոփայութիւն, 3-րդ լսարան), Նարէ Շալունց (լեզուաբանութիւն (կիրառական լեզուաբանութիւն, մագ. 2-րդ լսարան), Մարիամ Տաշեան (սերվիս, 4-րդ լսարան), Գայիանէ Լալայեան (կառավարման հոգեբանութիւն, մագ. 2-րդ լսարան):
Նշենք, որ առաջին դիրքը գրաւած է 13 ուսանող, 2-րդ դիրքը` 12, իսկ 3-րդ դիրքը` 8 ուսանող, եւ բոլորին պիտի շնորհուին կրթաթոշակներ: Մասնաւորապէս իւրաքանչիւր ուսանողի պիտի շնորհուի առաջին դիրքը գրաւածներուն 458 հազար, 2-րդ դիրքը գրաւած ուսանողներուն` 348 հազար 500 եւ 3-րդ դիրքը գրաւածներուն` 233 հազար դրամ կրթաթոշակ:
Արցախի Մէջ 2022 Թուականին Ծնած Է 1623 Երեխայ
Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ 2022 թուականի ընթացքին ծնած է 1623 երեխայ, որոնցմէ 15-ը` զոյգ: Եւս 43 արցախցի երեխայ ծնած է Հայաստանի բուժհաստատութիւններուն մէջ: Այս մասին հաղորդագրութեամբ յայտարարած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Հարկ է նշել, որ արտամարմնային բեղմնաւորման ճանապարհով Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ ծնած է 17 երեխայ, որոնցմէ 16-ը` «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ի, 1-ը` «Մարտակերտի շրջանային բուժմիաւորում»-ի մէջ:
1-8 յունուար 2023-ին Արցախի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծնած է 43 երեխայ:
Շրջափակման օրերուն Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծնած է 110 երեխայ: