Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանին մօտ` Արարատ լերան վրայ միօրինականացուած ու բազմաթիւ նպատակներու համար օգտագործուող ռազմակայան կը կառուցէ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Ծովուն մակերեսէն 2100 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող ռազմակայանը յագեցուած պիտի ըլլայ գիշերային տեսանելիութեան տեսախցիկներու ժամանակակից համակարգերով եւ ինքնակառավարուող զէնքերով:
Կը նշուի, որ Թուրքիան ռազմակայանը կը կառուցէ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար»:


