Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշակոյթի Նախարար Կապի Լայեուն Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

March 12, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 10 մարտ 2012-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն այցելեց մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն:

Նախարարը դիմաւորեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան եւ վարչութեան անդամները, ինչպէս նաեւ այլ միութիւններու եւ Համազգայինի յանձնախումբերէն ներկայացուցիչներ:

Նախարար Լայեուն նախ այցելեց Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի պարասրահը, ուր աշակերտները հայկական պարով մը դիմաւորեցին զայն: Ապա ան բարձրացաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցը, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշխատանքներուն` ականատես ըլլալով կեդրոնի բեղուն աշխատանքին եւ սովորական եռուզեռին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ, ուր Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներ ջութակի, դաշնակի եւ սրինգի վրայ նուագեցին հայկական միջազգային գործեր:

Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան:

Ան ներկայացնելով Համազգայինի պատմութիւնը յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տապալումէն ետք աշխարհասփիւռ հայերը աւելի շատ բնակութիւն հաստատեցին միջերկրականեան երկիրներու մէջ, եւ բազմաթիւ հայ մտաւորականներ, որոնց շարքին Լեւոն Շանթը 1928-ին Գահիրէի մէջ հիմնեց Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը: Խօսելով միութեան առաքելութեան մասին` Յակոբ Լատոյեան նշեց, որ միութիւնը ամէն ճիգ կը թափէ պահելու հայ մշակոյթն ու աւանդութիւնները եւ հայ երիտասարդին պարգեւելու ազգային կրթութիւն:

Լատոյեան դիտել տուաւ նաեւ, որ միութիւնը Լիբանանի մէջ հաստատուած է 1931-ին, ունի չորս դպրոց` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը, «Արեգ» թատերախումբը, «Գայեանէ» պարի դպրոցը եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը: Խօսելով «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մասին` ան յայտնեց, որ կեդրոնը հիմնուած է լիբանանեան պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն` երիտասարդները հեռու պահելու համար յոռի երեւոյթներէն:

Յ. Լատոյեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Համազգայինը կը մնայ Հայաստան – սփիւռք կամուրջը` գործակցելով հայրենի արուեստագէտներու հետ հրաւիրելով զանոնք Լիբանան եւ տարբեր ելոյթներ կազմակերպելով:

Համազգայինը միշտ ներկայ է նաեւ լիբանանեան մակարդակի վրայ` իր մասնակցութիւնը բերելով մշակութային փառատօներու: Լատոյեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Համազգայինի դերը այս օրերուն յաւելեալ ձեւով կը շեշտուի, որպէսզի երիտասարդները համախմբելով մշակոյթի տան մէջ, զանոնք հեռու պահէ մակերեսայնութենէ եւ անցողիկ բարքերէ:

Ապա խօսք առաւ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, որ իր գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի առաքելութեան նկատմամբ, նշելով, որ ինք միշտ լսած է այս կեդրոնի մասին, սակայն իր ակնկալածէն շատ աւելին տեսած է` աւելցնելով, որ պատասխանատու կամ այլ նման աշխատանքի դիմաց կարելի չէ չուրախանալ եւ չհպարտանալ: Նման կեդրոններ ամէն տեղ, ամէն քաղաքի եւ շրջանի մէջ պէտք է ըլլան, որպէսզի նորահաս սերունդը իրենց ժամերը անցընեն իմաստալից գործերով եւ ինչու չէ օր մը անոնք դառնան մեծ արուեստագէտներ ու վայելեն միջազգային համբաւ: Խօսելով հայ մշակոյթի կարեւորութեան մասին` նախարարը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ հայ արուեստագէտներու ներկայութիւնը անհրաժեշտ է` Լիբանանի անունը բարձր պահելու համար:

 

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Պարգեւատրելով Ազգային Գործիչ Տոքթ. Սուրէն Պայրամեանը` «Մէկու Մը Անունը Ոչ Մէկ Արժէք Ունի, Եթէ Նուիրումի Ու Ծառայութեան Ճամբով Ինքզինք Չէ Արժեւորած» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.