Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբուն` Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի փակման, յայտարարած է, որ այնտեղ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւնները, անկասկած, Հայաստանի համար անկեղծութեան ստուգման փորձ պիտի ըլլան:
«Եղբայրական Ազրպէյճանի հետ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի բարձրագոյն մակարդակով: Անգարան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ իր քայլերը սերտօրէն կը համակարգէ Պաքուի հետ: Բերձորի (Լաչինի) ճամբու վերջին իրադարձութիւնները, անկասկած, Հայաստանի համար անկեղծութեան ստուգման փորձ պիտի ըլլան: Եղբայրական Ազրպէյճանի հանքերը թալանելու փորձերը անընդունելի են», ըսած է թուրք նախարարը: