Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէյզ Մեթըլզ»-ի Հետ Որոշուած Է Ժամանակաւորապէս Դադրեցնել Հանքավայրի Շահագործումը, Փորձաքննութիւն Պիտի Կատարուի» Կ՛ըսէ Արցախի Կառավարութիւնը

December 30, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ, որ Արցախի մէջ հանքարդիւնաբերութիւնը կը կատարուի միջազգային բարձրագոյն չափանիշերով, որոնց համապատասխանեցուած են նաեւ ոլորտի օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգաւորումները: Այս մասին Արցախի կառավարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Հաշուի առնելով, սակայն, դրացի երկրի «բնապահպաններուն» ստեղծած անառողջ միջավայրն ու միջազգային ընտանիքը մոլորեցնելու փորձերը, որոշում տրուած է դիմել միջազգային կազմակերպութիւններուն` «Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութեան գործունէութեան հետ կապուած միջազգային բնապահպանական փորձաքննութիւն կատարելու համար:

Ընկերութեան ղեկավարութեան հետ միացեալ որոշում տրուած է ժամանակաւորապէս դադրեցնել ընկերութեան կողմէ հանքավայրի շահագործումը` մինչեւ փորձաքննութեան աւարտը:

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը դիմած է ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն եւ միջազգային միւս մասնագիտական կազմակերպութիւններուն` փորձաքննութեան իրականացումը սեղմ ժամկէտներու մէջ կազմակերպելու համար:

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը մշտապէս կողմնակից եղած է հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ միջազգային լաւագոյն չափանիշերու պահպանման եւ համոզուած է, որ միջազգային բնապահպանական չափանիշերը պէտք է կիրարկելի ըլլան ամբողջ շրջանի հանքարդիւնաբերող ընկերութիւններուն համար»:

 

Նախորդը

«Շրջանային Երկիրները Իրենց Խնդիրները Իրենց Նախաձեռնութեամբ Պէտք Է Լուծեն Եւ Տէր Կանգնին Անոնց» Կ՛ըսէ Քըլըչ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Բողոքագիր Յղած Է Ֆրանսային

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.