ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Սրտի անհուն ուրախութեամբ ստացայ թանկարժէք նուէր մը Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսէն` անոր հայրապետական 25-ամեայ գահակալութեան նուիրուած (1995-2020), «Արժեւորում եւ վկայութիւններ» խորագիրով:
Քեսապի` Սուրիոյ այս ծայրամասին մէջ բնակելով, հազուադէպ առիթներ ունեցած եմ անոր վեհափառութեան հանդիպելու կամ անոր առնչուելու, բացի` քանի մը իւրայատուկ առիթներէ:
Նախքան յաջորդ տողերուն մէջ արձանագրելիք պատումիս խորքը մխրճուիլը` նշեմ առիթ մը, երբ հեռատեսիլէն ականատես եւ ականջալուր եղայ անոր արտասանած քարոզին, Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ, երբ ան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդն էր, ու Լիբանանի քաղաքացիական 15-ամեայ պատերազմը աւարտած ըլլալով` հոն կեանքը նոր թեւակոխած էր բնականոնացումի ճանապարհը:
Կը յիշեմ, որ ինքն էր ս. պատարագ մատուցողը, իր քարոզը ֆրանսերէն լեզուով էր, ու ս. պատարագին ներկայ էր Լիբանանի օրուան նախագահը` Էլիաս Հըրաուին:
Սակայն առաջին անգամ անոր վեհափառութեան անձամբ ականատես եւ ականջալուր եղած եմ, երբ Նաքքաշի մէջ տեղի ունեցաւ «Նիկոլ Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի բացման հանդիսութիւնը:
Պատումս սկսիմ Քեսապէն:
Քեսապի մէջ գործող Ազգ. Ուսումնասիրաց ճեմարանին կից (հիմնուած` 1924-ին, այդ օրերուն նախակրթարան էր) կը գործէ «Քեսապ» հիւրանոցային համալիրը, որ ամառները բանելով` կը ֆինանսաւորէ վերոյիշեալ կրթական օճախը, համալիրին ամբողջութեան մաս կը կազմէ «Սարդարապատ» սրահը:
«Քեսապ» համալիրին մէջ իջեւանելու բախտն ու ուրախութիւնը ունեցած էին «Աղբալեան» կոմիտէութեան շրջանէն խումբ մը ընկերներ, ոմանք` իրենց ընտանիքներով:
Անոնցմէ կը յիշեմ ընկ. Ցոլակ Թիւթելեանը (ընտանեօք) , Ն. Փալանճեան Ճեմարանի դասընկերներէս, հանգուցեալ Րաֆֆի Մարկարոսեանը, Ճոնի Խտըրլարեանը եւ ուիշներ: Անոնց հետ անմոռանալի երեկոներ անցուցինք` զանոնք ընդունած ըլլալով իբրեւ հարազատ տան անդամներ:
Օրերու թաւալումին հետ, երբ մօտեցած էր «Ն. Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի բացման թուականը, անոնք մեզի` «Քեսապ» համալիրի խնամակալութեան հրաւէր ուղարկեցին մասնակից ըլլալու իրենց նախաձեռնութիւններուն:
Ու մենք ուղեւորուեցանք Լիբանան բաժնելու մեր ընկերներուն ուրախութիւնը` «Աղբալեան» համալիրի բացման հանդիսութեան:
Համալիրի բակի մուտքին ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը յատկանշական նուագով կ՛ողջունէր քիչ առ քիչ ժամանող պետական անձնաւորութիւնները, որոնք կը դիմաւորուէին մեր կուսակցական պատասխանատու ընկերներուն կողմէ, որոնցմէ կը յիշեմ ընկերներ Յ. Բագրատունին եւ Ս. Տէր Պետրոսեանը:
Մեր նստատեղին կը գտնուէր 3-րդ շարքին վրայ, մինչ մեր առջեւի շարքերուն վրայ տեղերը գրաւուած էին` Լիբանանի պետական եւ կուսակցական կարկառուն դէմքեր, նախարարներ, երեսփոխաններ, զինուորականներ, հայկական ազգային ու կուսակցական ներկայացուցիչներ: Բակը լեցուած էր հարիւրաւոր հայորդիներով:
Լիբանանի օրուան նախագահ Էմիլ Լահուտը ուղարկած էր իր ներկայացուցիչը. սակայն օրուան վարչապետը` հանգուցեալ Ռաֆիք Հարիրին, անձնապէս թէ լիազօր ներկայացուցիչով, գլխաւոր բացական էր:
Լիբանանի կառավարութեան մէջ, հայ երկրորդ նախարարի մը նշանակումին մերժումի օրերն էին, վարչապետին կողմէ:
Թէ որո՞նք խօսքեր արտասանեցին այդ օրը, այժմ չեմ կրնար մտաբերել անշուշտ:
Սակայն մտքիս մէջ անջնջելի է Արամ Ա. վեհափառ հօր արտասանած ճառը, նախ ֆրանսերէն, ապա` հայերէն:
Այսօր, երկու տասնեակ տարիներ ետք, անհնար է բառացիօրէն եւ ամբողջականութեամբ վերյիշել վեհափառ հօր խօսքերը, սակայն կը յիշեմ ճառին բովանդակութիւնը:
Լիբանանի կառավարութեան մէջ երկրորդ հայ նախարարի մը աթոռի զլացումը մղուած էր հանգուցեալ վարչապետին ու անոր կուսակցութեան նեղ հաշիւներէն` ի նպաստ տարածաշրջանի կարգ մը պետութիւններու մեծապետական հաշիւներուն, ի հեճուկս Լիբանանի սահմանադրութեան տառին ու ոգիին:
Վեհափառ հօր ճառը ուղղուած էր լիբանանեան քաղաքական բեմին, ներկայ ու բացակայ դէմքերուն. սակայն աւելին էր. պատգամ մըն էր համայն աշխարհի քաղաքական ոլորտին:
Ան ներկայացուց մօտաւորապէս հետեւեալը.
«Մենք` հայերս, Սուրիա ու Լիբանան եկանք` մազապուրծ ազատած օսմանեան կառավարութեան կազմակերպած ցեղասպանութենէն. եկանք որպէս գաղթականներ:
«Դուք մեզ ընդունեցիք, ու մենք բնակեցանք գաղթակայաններու, քեմփերու` տախտակաշէն թէ թիթեղաշէն հիւղակներու մէջ:
«Հոն բնակելով` մենք կառուցեցինք մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները:
«Ու մեր եկեղեցիներու խորաններէն ու մեր վարժարաններուն մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մենք սորվեցուցինք տալ. նախ տալ` հայրենիքին, տալ ընկերութեան ու մարդկութեան, մեզի ընդունած հայրենիքին անսակարկ տալ, առանց ակնկալութեան ու պահանջի:
«Սակայն այսօր, բազմատասնեակ տարիներ ետք, եկած է այն օրը, որ մեզի անարդարօրէն զլացուած նախարարական աթոռը պահանջենք, սակայն` առ ի ծառայութիւն հայրենիքին»:
Այդ օրը երկիցս պատմական դարձաւ վեհափառ հօր ճառէն ետք:
Վեհափառ հայրը Քեսապ ժամանեց 2009-ին, Գալատուրան գիւղի նորակառոյց քարաշէն ու հոյակերտ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը կատարելու համար (կառուցուած` նախկին կիսափուլ եկեղեցւոյ տեղ):
Քեսապահայութեան համար անմոռանալի պատմական օրեր էին:
Դիմաւորութիւն ու ընդունելութիւն վեհափառ հօր, աջահամբոյր, երեկոյեան հացկերոյթ` ներկայութեամբ պետական ու ազգային անձնաւորութիւններու:
Դիմաւորութեան պատկերը թնդացուց Քեսապի ՀՄԸՄ-ի նորակազմ փողերախումբը (որ ցայսօր կը գործէ, 2014-ի քեսապահայութեան տեղահանութեան եւ տունդարձէն ետք…):
Հացկերոյթին պատեհ առիթն էր, որ վեհափառ հայրը «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով պատուէ նորաշէն եկեղեցւոյ շինարարութեան գլխաւոր դերակատար անձնաւորութիւնը` անոր անձնուիրական դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ անցեալին, նոյն նուիրականութեան համար Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց` Տուպայի մէջ կառուցուած եկեղեցւոյ շինարարութեան գործին:
Յաջորդ օրը, կիրակի, ս. պատարագ մատուցեց Բերիոյ թեմի օրուան բարեջան առաջնորդ գերշ. Շահան արք. Սարգիսեանը, ապա վեհափառ հայրը կատարեց եկեղեցւոյ օծումը:
Կէսօրին` մատաղօրհնէք ու մատաղի մատուցում ժողովուրդին, «Քեսապ» համալիրի «Սարդարապատ» սրահին մէջ:
Ապա` մեկնում դէպի Դամասկոս:
Վեհափառ հայրը ժամադրութիւն ունէր երկրիս` Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին հետ:
Անձիս ծանօթ չէ այնտեղ, երկու անձնաւորութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութեանց բնոյթն ու բովանդակութիւնը, մանրամասնութիւնները:
Սակայն այդ օրերը կը զուգադիպէին Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ զարգացող յարաբերութիւններու մեղրամիսին, որ ջերմ ու գուցէ «եղբայրական» կը կոչուէր ոմանց կողմէ: Սակայն անձս այն տպաւորութեան տակ է, որ Քեսապի Գալատուրան գիւղին մէջ (որ հազիւ թէ 1-2 քմ միայն հեռու է Թուրքիոյ պարտադրած սահմանագիծէն) նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութենէն ետք երթալ ու հանդիպիլ նախագահին… անպայման ունէր իր բովանդակութիւնն ու իմաստը:
Այստեղ յիշարժան է, որ վեհափառ հայրը անցնող քանի մը տարիներուն երկու անգամ այցելեց Սուրիա:
Առաջինը, երբ Հալէպը տակաւին նոր թօթափած էր ահաբեկչութեան լուծը: Ան եկած էր տեսնելու իր հօտը, որուն չէր զլացած իր նիւթաբարոյական նեցուկն ու օժանդակութիւնը:
Երկրորդ այցելութիւնը եղաւ «ուխտավայր» դարձած ու աւերուած Տէր Զօր, հայութեան կառափնատը, ուր անոր օրով, անոր հովանաւորութեամբ կառուցուած էր այնտեղի յուշահամալիրը` սուրիական անապատին մէջ զոհուած բիւրաւոր հայութեան յիշատակը յաւերժացնող կոթողը:
Յուշահամալիրը մեծ մասամբ փուլ բերուած էր ահաբեկիչներուն կողմէ, որոնք թէեւ հեռացած էին Տէր Զօր քաղաքի մէկ կարեւոր մասէն, սակայն քաղաքին մէկ մասն ու նահանգը տակաւին գրաւուած էին անոնց կողմէ:
Այստեղ մէջբերենք այն իրողութիւնը, որ երբ քեսապահայութիւնը 2014-ի մարտի 21-ին տեղահան եղաւ ահաբեկիչներուն կողմէ եւ ապաստան գտաւ Լաթաքիա, մասնաւորաբար` Լաթաքիոյ եկեղեցի-դպրոց համալիրին մէջ, անոր` քեսապահայութեան օժանդակութեան առաջին հասնողը եղաւ վեհափառ հայրը, իր միաբաններուն միջոցով առաքելով իր նիւթաբարոյական աջակցութիւնը առաջին իսկ օրերուն, տէր կանգնելով իր Կիլիկեան հօտին:
Անշուշտ աւելի ուշ, երբ քեսապահայութիւնը վերադարձած էր իր գիւղը, վերաշինած` իր եկեղեցին, դպրոցը եւ տուներուն մեծ մասը ու կը պայքարէր աւարտելու իր վերականգնումի աշխատանքները, պատիւը ունեցաւ ընդունելու վեհափառ հօր այցելութիւնը, որ եկած էր վերստին ըլլալու իր հօտին հետ, անոր տալու իր աղօթքն ու փառքը Աստուծոյ:
Աջահամբոյրը տեղի ունեցաւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Աւելի ուշ բախտը ունեցայ գտնուելու Լիբանան, Անթիլիաս, ընդունուելով վեհափառ հօր կողմէ, ստանալով անոր աղօթքներն ու խորհուրդները, սակայն այդ տեսակցութեան որոշ չափով անձնական բնոյթ ունենալուն համար զանց կ՛առնեմ զանոնք թուել:
Արամ Ա. կաթողիկոս հօր մասին սոյն համեստ գիրս, կամ վերոյիշեալ գողտրիկ յուշերը թուղթին յանձնելով` կատարած կ՛ըլլամ այն նուազագոյնը, որ զաւակ մը կրնայ կատարել իր հօր, Կիլիկեան Ս. Աթոռին քառորդ դար գահակալած վեհափառ հօր:
10 դեկտեմբեր 2022
Քեսապ