Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Պահա՛նջք Կայ «Անառակ Որդի»-Ներուն…

March 12, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, մարտ 4-ը Մեծ պահքի երրորդ կիրակին է, որ մակագրուած է «Անառակին»:

«Անառակ» բնիկ հայերէն բառ է, որ կը նշանակէ «1. անբարոյական, շուայտ, զեխ: 2. անկարգ, վատ: 3. խառնակ, անօրէն: 4. չար, անհանդարտ» (Ստ. Մալխասեանց):

Քառասնորդաց երրորդ կիրակիին «Անառակին» վերնագիրը թելադրուած է կիրակնօրեայ աւետարանէն, քանի այս օրը կը կարդացուի Ս. Ղուկաս Աւետարանիչէն այն կտորը, որ խորագրուած է` «Անառակ որդին» (Ղկ. 15, 11-32):

Յիսուսի պատմած 55 առակներուն մէջ, ըստ իս, գեղեցկագոյններէն է «Անառակ որդին»,  բայց աւելի` ամէնէն այժմէականը: «Առակ» կը նշանակէ համառօտ պատմուածք այլաբանական դրուագով կամ խորհրդանշային պատկերով, որուն տակ միշտ թաքնուած է ներքին իմաստ կամ բարոյական դաս մը:

Մարդկութեան անգերազանցելի Իմաստունը, աննախընթաց Բարոյախօսը, անկրկնելի Առակախօսն է Յիսուս Քրիստոս, որ իր այս առակին մարդկային հերոսին` «կրտսեր որդի»-ին վատ խօսքին ու կեանքին մէջ կը պատկերէ անկեալ մարդուն անտանելի իրավիճակը կամ Աստուծմէ հեռու ապրող անհատին խղճալի ներաշխարհը:

Ժխտական պատկերն է: Բարօր կեանքէն «խոզեր արածելու» հոգեմտաւոր ստրկացումը, որուն ենթարկեց ինքզինք կրտսեր որդին իր «անառակ կեանքով»…: «Հացի առատութեան» առօրեայէն «սովամահ կը մեռնիմ»-ի չքաւորութիւնը, որ զրկեց կրտսեր որդին նոյնիսկ խոզերուն կերած եղջիւրներէն…

Դրական պատկերն է: Իր արտաքին ու ներքին վիճակին` կրտսեր որդիին լուրջ անդրադարձումը, որ առաջնորդեց զայն զղջումի եւ ապաշխարանքի: Խոնարհամիտ առաջադրանքը դառնալու իր հայրենի տունը, ուր գթասրտութեամբ ու ցնծութեամբ ընդունուեցաւ իր հօրմէն:

Հոս պիտի թոյլատրես ինծի հաստատելու, եւ այն` առանց յոռետեսութեան, այլ` ամենայն իրատեսութեամբ, թէ այսօր անառակները բազմացած ու զօրացած են, բայց նաեւ` հաստատելու եւ յիշեցնելու, թէ Աստուծոյ մարդասիրութիւնը շատ աւելի ընդհանրացած է եւ Աստուծոյ ողորմածութիւնը անհամեմատօրէն շատ աւելի զօրաւոր է:

Զիս վախցնողը, սակայն, անառակներու ո՛չ շատութիւնն է, ո՛չ զօրութիւնն է, երբե՛ք, այլ զիս կը սարսափեցնեն անոնք, որոնք աւետարանական «անառակ որդի»-ին գիտակցութիւնը  չունին իրենց մեղաւորութեան եւ ինքնաճանաչումը` իրենց մեղանչականութեան:

Այո՛, Ս. եկեղեցիին համար այնքան մեծ փորձանք չեն սուրբգրային «կրտսեր որդի»-անման անառակները, որքան մարդասէր եւ ողորմած Աստուծոյ համար մեծ հարց կը ներկայացնեն ինքնաշպար «արդար»-ները եւ «ես մեղք չունիմ» ըսողները:

Պէյրութ, 1999-ին հրատարակած մէկ գրքիս վերտառութիւնն է` «Պահա՛նջք կայ անառակ որդիներուն…»: Տասներեք տարիներ ետք, այսօր, նոյն համոզումը եւ տեսութիւնն ունենալով` կը փափաքիմ մէջբերել երկիս ներածականը` «Հակասութեան զոհերուն…» վերտառութեամբ, «բայց նաեւ` ինքնագիտակցութիւն եւ անձնաճանաչում չունեցողներուն…»:

«… Անառակ որդիներուն պահանջք կա՞յ:

Քրիստոսի «անառակ որդին» անդրադարձաւ իր մեղաւորութեան: Գիտակցեցաւ իր մեղքերուն բազմութեան: Ճանչցաւ ու դաւանեցաւ իր յանցանքներուն ահաւորութիւնը:

Գոնէ անկեղծ ու բաց էր իր անձին հանդէպ: Գոնէ անկեղծ ու սրտբաց գտնուեցաւ իր հօր դիմաց: Այսօրուան քրիստոնեաներս անկեղծ չենք` թէ՛ մեր անձերուն եւ թէ՛ ուրիշներուն հանդէպ: Բայց մանաւանդ նաեւ չենք` մեր երկնաւոր Հօր ներկայութեան:

Ստուգիւ, Յիսուսի «անառակ որդին» շատ լաւ է մեզմէ, որ մեր մեղաւորութեան անդրադարձումը չունինք: Որ մեր մեղքերուն բազմութեան գիտակցութիւնը կորսնցուցած ենք: Որ մեր յանցանքներուն ՉԳՈՅՈՒԹԻՒՆՆ իրացուցած ենք: Եւ սարսափելի՛ն, որ մեր անմեղութիւնը հռչակած ենք:

– «Անառակ որդին» գործեց իր սխալները, բայց գոնէ ընդունեցաւ զանոնք: Մենք ալ կը գործենք մեր սխալները, բայց չենք ընդունիր զանոնք:

– «Անառակ որդին» ունեցաւ իր մեղքերը, բայց գոնէ խոստովանեցաւ զանոնք: Մենք ալ ունինք մեր մեղքերը, բայց չենք խոստովանիր զանոնք:

– «Անառակ որդին» հեռու ապրեցաւ իր հօրմէն, բայց գոնէ հարուածներէն սթափելով` ինքզինքն այպանեց ու զղջաց: Մենք ալ հեռու կ՛ապրինք մեր Հօրմէն, բայց հարուածներէն չենք սթափիր եւ կը չքմեղենք մեր անձերը, որով զղջումի շնորքին չենք արժանանար:

– «Անառակ որդին» իր արտաքին ու ներքին ապրելակերպէն իրատես ու խելահաս եղած` դարձաւ, վերադարձաւ իր հայրենի տունը: Մենք ալ առաւել կամ նուազ նոյն արտաքին ու ներքին ապրելակերպին մէջ` այլեւս չենք իրատես ու զգօն, քանի ալ կորսնցուցած ենք ախտաճանաչումի կարողութիւնը եւ ինքնաճանաչումի իմաստութիւնը:

Այո՛, դարձո՛ղ, վերադարձո՛ղ անառակ որդիներուն պահանջք կայ այսօր: Որովհետեւ անոնց պակասէն կամ «մեղք չունիմ» ըսողներէն կը վնասուի մարդկութիւնը:

Որովհետեւ անոնց բացակայութենէն կամ «անմեղ»-ներէն կը տուայտի մեր կրօնը…: Որովհետեւ անոնց յամեցումէն կամ «կը խոստովանիմ ինքնիրենս» յայտարարողներուն ներկայութենէն կը տառապի քրիստոսական եկեղեցին…»:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Բեկորին Երազը, Փասքալեւային Խոստումը…

Յաջորդը

15-19 Մարտին Միջազգային Համալսարաններու 2012-Ի Պէյրութի Մարզական 3-րդ Մրցաշարքը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.