ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Շաքէ Գալուստեան եւ ընտանիք
Տիկին Սեդա Նգրուրեան եւ ընտանիք
Հաւաթեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
Գալուստեան եւ Նգրուրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց տալոջ, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին՝
ՍԻՒԶԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆի
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2022-ին Պէյրութի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2022-ին, կէսօրուան ժամը 12։00-ին, Այնճարի գերեզմանատան մատրան մէջ։
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք Այնճարի թաղականութեան գրասենակին կից սրահին մէջ։
—————————————
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ
ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ` ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագին եւ նախավկային` Ս. Ստեփանոսի տօնին առիթով, կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2022-ին, կաթողիկոսանիստ մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ,
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ս. պատարագի աւարտին, սարկաւագաց տօնին առիթով, դպրեվանքի սարկաւագները գեղարուեստական յայտագիր պիտի ներկայացնեն վեհարանի դահլիճին մէջ, ապա վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը պիտի ուղղէ:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` աղօթակից դառնալու դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆի հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2022-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիար Խաչեր Մարկոսեան եւ տիկին Սեդա Խտըշեան-Մարկոսեան եւ Խտըշեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախկին նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հոգեւոր հայրերուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, նուիրատուութեամբ կամ նամակով մասնակից եղան իրենց եղբօր եւ հարազատին` ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
REQUIRE
Needed an Executive secretary, dynamic, with experience in preparing quotations and correspondence. The candidate should be fluent in English with Microsoft Office knowledge. E-mail CV to v-leb@hotmail.com.
—————————————
ՄՆԱՅՈՒՆ ՏՆՏԵՍ-ՊԱՀԱԿԻ ԿԱՐԻՔ
Քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճը (Հայկազեան համալսարանին կից) կարիքը ունի դպրոցին մէջ բնակող տնտեսի: Բնակութեան բոլոր պայմանները ապահովուած են:
Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 01-349816 թիւին` ամէն օր ժամը 8:00-էն 2:30, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ
ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
ՈՒՐԲԱԹ, 13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023, ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԸ 7:30-ԻՆ
- ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
