Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կ՛ակնկալեմ, Որ Հայաստանին Օգնութիւն Տրամադրելու Վերաբերեալ Լրամշակուած Նախագիծը Ընդունուի» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

Դեկտեմբեր 20, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս անդրադարձած է 13 սեպտեմբերին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած զինուորական գործողութեան եւ կազմակերպութեան արձագանգին: Զաս ընդգծած է, որ ՀԱՊԿ-ն արագ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք կատարած է այդ ուղղութեամբ` որդեգրելով շարք մը կարեւոր որոշումներ:

«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ տարեկան ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Զաս նշած է, որ այս տարուան ընթացքին ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստերու քանակի իւրօրինակ մրցանիշ արձանագրուած է:

«ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարուած է 5 անգամ` քննարկելու հրատապ խնդիրները: Առաջին անգամ նիստ գումարելու հրաւիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմումին համաձայն: ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստերուն մէջ քննարկուած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութեան: Պետութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարութեամբ մշակուած է դիտարկման առաքելութիւն` կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի եւ միացեալ սպայակոյտի պետի գլխաւորութեամբ: Պիտի ուզէի ընդգծել աշխատանքներու գործնականութիւնը, որ արձանագրուեցաւ սեպտեմբերեան այս իրադարձութիւններուն ընթացքին», ըսած է Զաս:

Անոր համաձայն, 13 սեպտեմբերին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ սկսած թէժ մարտերու օրը, ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութեանց ղեկավարները հաւաքուած են առցանց ձեւաչափով` Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի վեհաժողով կատարելու համար, որուն ընթացքին քննարկած են կացութիւնը:

«Անմիջապէս որոշուեցաւ դիտորդական առաքելութիւն ուղարկել Հայաստան: Բառացիօրէն մէկ օր ետք արդէն Երեւան էջք կատարեց դիտորդական առաքելութեան առաջին խումբի օդանաւը: Եւ հետագայ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ մենք կրնանք աշխատիլ այնտեղ, ուր անհրաժեշտ է արագ եւ արդիւնաւէտ գործել: Այդ առաքելութեան աշխատանքի իբրեւ արդիւնք նախապատրաստուած են Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութեան տրամադրման ժամանակակից միջոցներու վերաբերեալ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի շարք մը որոշումներ, որոնք քննարկուած են սոյն թուականի 23 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հաւաքական անվտանգութեան նստաշրջանին:

«Պիտի ուզէի ակնկալել, որ համապատասխան լրամշակումէն ետք մենք դուրս գանք շատ կարեւոր փոխլրացնող երկու փաստաթուղթերու փաթեթային որդեգրման. խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութեան տրամադրման եւ ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի յայտարարութեան մասին է` յաջակցութիւն Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն», եզրափակեց Զաս:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀԱՊԿ-ը արդեօք մտադի՞ր է Հայաստանէն հեռանալու, ան ըսած է. «Ի հարկէ, ոչ: Եւ այն միջոցառումները, որոնք այս տարի կատարուած են, ատոր մասին կը վկայեն: Պետութիւններու ղեկավարները երեք անգամ քննարկած են հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը, սահման ուղարկուած է ՀԱՊԿ-ի համապատասխան առաքելութիւն, պատրաստուած է համապատասխան որոշում եւ առաջարկուած է համաձայնեցուած քայլերու փաթեթ Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ, ուստի այս կացութեան մէջ ՀԱՊԿ-ի կողմէ բոլոր անհրաժեշտ քայլերը կատարուած են», պատասխանած է Զաս:

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին համաձայն, նոյնիսկ Հայաստանի որոշ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ այդպիսի գնահատականներ հնչած են, թէ ինչո՞ւ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւնները չեկան եւ չօգնեցին ազատագրել Հայաստանի տարածքները եւ այնտեղ բան մը ընել:

«Բայց պէտք է հասկնալ նման քայլերու հաւանական հետեւանքները` մինչեւ տեղւոյն պետութիւններուն մասնակցութեամբ շրջանային պատերազմի սանձազերծումը, ուստի, կը կարծեմ, որ այն լուծումները, որոնք առաջարկուած են պետութիւններու ղեկավարներուն, ներառեալ հսկողութեան առաքելութեան արդիւնքներով, անոնք շատ պատշաճ եւ հաւասարակշռուած էին: Ատոր համար, ոչ, համաձայն չեմ, որ ՀԱՊԿ-ը կը փորձէ երես թեքել Հայաստանի խնդիրներէն», եզրափակեց Զաս:

 

Նախորդը

Քոլոմինա. «ՕԹԱՆ-ը Հայ-Ազրպէյճանական Քննարկումներուն Մէջ Պաշտօնական Դերակատարութիւն Չունի»

Յաջորդը

Սեպտեմբերեան Մարտերուն Պատճառով Հայկական Կողմի Զոհերու Թիւը 224 Է

RelatedPosts

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները  Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու  Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

Օգոստոս 19, 2025
Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Հայկական

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Օգոստոս 19, 2025
Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ,  Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»
Հայկական

Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ, Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?