Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Որեւէ Աշխարհաքաղաքական Փոփոխութիւն Կը Նկատենք Վտանգաւոր Եւ Ատոր Դէմ Ենք» Կ՛ըսէ Մոսկուայի Մէջ Իրանի Դեսպանը

December 19, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուայի մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ժալալի ըսած է, որ որոշ արեւմտեան երկիրներ կը փորձեն սպառնալիքներ եւ ճգնաժամեր ստեղծել Իրանի եւ Ռուսիոյ դրացնութեամբ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ դիւանագէտը այս մասին ըսած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Դեսպանը ռուսական կողմին առաջարկած է այս հարցերուն շուրջ միացեալ լուծում գտնել: Ժալալիի համաձայն, գերիշխան պետութիւնները, որոնք անկախ քաղաքականութիւն կը վարեն, այդ ճամբուն վրայ սպառնալիքներու կը հանդիպին:

Դիւանագէտը ընդգծած է, որ այդ մարտահրաւէրներէն ու սպառնալիքներէն մէկ քանին կը վերաբերի այն սահմանափակումներուն ու պատժամիջոցներուն, որոնք հաւաքական Արեւմուտքը` Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, կը հաստատէ այլ երկիրներուն դէմ:

«Կը կարծեմ, որ այժմ ժամանակն է համագործակցութիւն ստեղծելու համար, որպէսզի ուղի գտնենք լուծելու այս խնդիրները եւ միասնաբար պայքարինք այն սպառնալիքներուն եւ մարտահրաւէրներուն դէմ, որոնց կը բախին մեր երկիրները», աւելցուցած է Ժալալին:

Իրանի դեսպանը ռուսական «ՆԻՈՒԶ» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Իրան Հարաւային Կովկասի համար «3+3» ձեւաչափը (Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան+Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) կը նկատէ շատ յաջող եւ աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է այս ձեւաչափի առաջին հանդիպումին, որ տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ:

Անոր համաձայն, Թեհրանի համար շատ կարեւոր է Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցը, եւ այդ պատճառով ալ կը մասնակցի այդ ձեւաչափին Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ անդրկովկասեան այլ հանրապետութիւններու հետ:

«Մենք լիովին կ՛աջակցինք Հարաւային Կովկասի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան: Այս շրջանին մէջ որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն մենք կը նկատենք վտանգաւոր եւ ատոր դէմ ենք: Մենք երկխօսութիւնը, համագործակցութիւնը եւ բանակցութիւնները կը նկատենք տագնապներու լուծման լաւագոյն միջոցը», ընդգծած է Իրանի դեսպանը:

Նշենք, որ «3+3» հարթակի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է դեկտեմբեր 2021-ին:

 

 

 

Նախորդը

Ֆրանսա Եւ Միացեալ Նահանգներ Անհրաժեշտ Կը Նկատեն Լիբանանի Հանրապետութեան Նոր Նախագահի Ընտրութիւնը

Յաջորդը

«Լաչինի Միջանցքին Փակումը Կը Խաթարէ Հարաւային Կովկասի Մէջ Ամբողջ Խաղաղութեան Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Լաթվիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.