ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մտահոգութիւն յայտնած է Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի 14 դեկտեմբերին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
«Ընդհանուր քարտուղարը մտահոգութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքին շուրջ կացութեան զարգացման», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Կը նշուի, որ Կութիերես «կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ մեղմացնելու լարուածութիւնը եւ ապահովելու միջանցքի երկայնքին տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը` համաձայն նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն»:
«Ընդհանուր քարտուղարը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը շրջանին մէջ կարգաւորման ուղղուած շարունակական ջանքերուն», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ:
Քանատան Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ
Բանալու Լաչինի Միջանցքը
Քանատան ուշադրութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ բանալու զայն ու ապահովելու ազատ տեղաշարժը` խուսափելու հաւանական մարդասիրական հետեւանքներէն:
Միեւնոյն ժամանակ, Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը յորդորեց շարունակելու բանակցութիւնները` խնդիրները խաղաղ երկխօսութեան միջոցով լուծելու համար:
Բրիտանիոյ Եւրոպայի Հարցերով Նախարար.
«Լաչինի Միջանցքի Փակումը
Լուրջ Մարդասիրական Վտանգներ Կը Պարունակէ»
«Բրիտանիան կ՛ակնկալէ, որ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը պիտի կատարեն զինադադարի շուրջ իրենց ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները. տեւական լուծման կարելի է հասնիլ միայն խաղաղ, դիւանագիտական ճամբով», յայտարարած է Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքըրթի:
«Լաչինի միջանցքի փակումը եւ ձմրան կազամատակարարման խափանումը մարդասիրական լուրջ վտանգներ կը պարունակեն», ընդգծած է բրիտանացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:
Փեքին. «Յոյսով Ենք` Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը
Երկխօսութեան Միջոցով Միասնաբար Պիտի Պահպանեն
Շրջանային Խաղաղութիւնն Ու Քաղաքացիներու Խաղաղ Կեանքը»
Փեքին յոյս ունի, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը երկխօսութեան միջոցով միասնաբար պիտի պահպանեն շրջանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Այս մասին հինգշաբթի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վան Վենպին` ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան թղթակիցին խնդրանքով մեկնաբանելով Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը:
«Մենք յոյսով ենք, որ համապատասխան երկիրները պիտի ուժեղացնեն երկխօսութիւնը եւ միասնաբար պիտի պահպանեն շրջանային խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ քաղաքացիներու խաղաղ կեանքը», ըսած է Վան Վենպին:
Յունաստան Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ`
Ապահովելու Լաչինի Միջանցքով Երկկողմ Տեղաշարժման
Եւ Երթեւեկի Ազատութիւնն Ու Անվտանգութիւնը
Յունաստան Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` ապահովելու Լաչինի միջանցքին ճամբով երկկողմ տեղաշարժման եւ երթեւեկի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը:
«Յունաստանը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` առանց որեւէ նախապայմանի ապահովելու Լաչինի միջանցքին ճամբով` երկկողմ տեղաշարժման եւ երթեւեկի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը` համաձայն 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան: Տեղւոյն բնակչութիւնը պէտք չէ բախի դժուարութիւններու եւ տագնապի», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով նշուած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Կիպրոս Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերականգնելու
Արցախի Մէջ Երթեւեկն Ու Կազի Մատակարարումը
Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` վերականգնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երթեւեկն ու ուժանիւթի մատակարարումը: Այս մասին նշուած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Նետերլանտներու Խորհրդարանը Ձայներու Ճնշող
Մեծամասնութեամբ Լաչինի Միջանցքի Փակման Մասին
Բանաձեւ Որդեգրեց
Նետերլանտներու խորհրդարանը 13 դեկտեմբերին որդեգրած է «Քաղաքական բարեփոխուած կուսակցութիւն», «Քրիստոնէական միութիւն», «Գիւղացի-քաղաքացի շարժում» եւ Ընկերվարական կուսակցութիւններու խմբակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնը, որ կը վերաբերի Լաչինի միջանցքի փակման:
Միջնորդութեան մէջ կը նշուի, որ հակառակ 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնութիւններուն, Ազրպէյճանը փակած է Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող Լաչինի միջանցքը եւ դադրեցուցած Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարումը: Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի. «Ռուս խաղաղապահները չեն միջամտեր այդ տարածքին մէջ, եւ որ այս կացութիւնը կը սպառնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար ստեղծել մարդասիրական առումով արտակարգ կացութիւն»: Բացի ատկէ, կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի` Եւրոպական խորհուրդը յորդորել միացեալ կոչով դիմելու Ազրպէյճանին` դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ թշնամական գործողութիւնները եւ բանալու միջանցքը:
«Ֆրիտըմ Հաուս». «Ազրպէյճան Պէտք Է
Դադրեցնէ Լաչինի Միջանցքի Փակումը»
Ազրպէյճանը պէտք է դադրեցնէ Լաչինի միջանցքի փակումը, որ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան է: Այս մասին յայտարարած է «Ֆրիտըմ Հաուս» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով վերահաստատելու իր աջակցութիւնը առանց հարկադրանքի բանակցութիւններուն:
«Մեզ կ՛անհանգստացնեն այն տեղեկութիւնները, թէ Ազրպէյճանը կրկին դադրեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարումը: «Ֆրիտըմ Հաուս»-ը Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` վերականգնելու շրջանի բնակիչներուն կազի անխափան մատակարարումը: Ի վերջոյ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երկիրները եւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կողմերը կը յորդորենք անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը` ներառեալ տեղաշարժի ազատութիւնը, ապահովելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


