Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուիրեալ Դաշնակցական Եզեկիէլ Պայրագտարեանի Յիշատակին

March 10, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ բաժնուեցաւ նուիրեալ դաշնակցական Եզեկիէլ Պայրագտարեանը:

Կեանքի բնոյթը միօրինակ է, մարդիկ կու գան ու կ՛երթան, ընկերներ կու գան ու կ՛երթան, կը մնայ այն տուրքը, որով իրենք ծառայած են իրենց հաւատացած կազմակերպութեան: Այն բարոյական տուրքը, որով իւրաքանչիւր հաւատաւոր ընկեր, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, կու գայ էջ մը աւելցնելու Դաշնակցութեան հարուստ օրագրին մէջ: Եւ այդ օրագիրի յաճախ տաժանելի էջերուն վրայ կը կուտակուի Դաշնակցութեան բարոյական աւանդն ու ժառանգը:

Այդ օրագրի մէջ իր ներդրած էջին կամ պարբերութեան մասին միշտ գաղտնապահ մնացած էր Եզեկիէլ Պայրագտարեան: Ան մնացած էր լուռ, նոյնինքն իր ընտանիքի անդամներուն առջեւ:

Ան գործնապէս կը հաւատար անցեալի ֆետայիներուն թողած գաղափարական աւանդին` գաղտնապահութեամբ գործելու եւ Դաշնակցութեան շահը ամէն բանէ վեր դասելու:

Եզեկիէլ Պայրագտարեանը վարագոյրի ետին, սեւ աշխատանք տարած նուիրեալ ընկերներէն մէկն էր, որ կը մերժէր Դաշնակցութիւնը կապել անհատներ, ինչպէս նաեւ անհատներու ժխտական վերաբերմունքը կապել կազմակերպութեան:

Անոր համար կազմակերպութիւնը վեր էր թերացող անդամներէն եւ անհատներէն, եւ այս վերջիններուն թերացումը պէտք չէր պատճառ դառնար կազմակերպութենէն հեռանալու:

Ազնիւ ու համեստ խառնուածքով` ան կը ժպտար բոլորին ու միշտ պատրաստ էր ծառայութեան:

«Ազդակ» օրաթերթը հանապազօրեայ հացն էր, զոր հարկ էր սպառել ամբողջական ընթերցումով: Քաղաքական թէ ազգային լուրերուն առընթեր, իր հետաքրքրութեան յատուկ առանցքը կը գրաւէին «Ազդակ»-ի փոխանցած ՀՄԸՄ-ի լուրերը:

ՀՄԸՄ-ի անցեալ մարզիկներուն տարած նուիրական յաղթանակները, վերջին տասնամեակի ֆութպոլի մրցումներու մամուլով տրուած մանրամասնութիւնները բառացիօրէն կը վերարտադրուէին անոր կողմէ` զգացական յաւելուածներներով:

Ազգին շահերը ամէն բանէ վեր դասելու համոզումով ապրող ընկ. Եզեկիէլը խոր ապրումներով կ՛արտայայտուէր, ամէն անգամ , որ ազգը փորձաքարի մը դէմ յանդիման գտնուէր: Բայց այդ ապրումները միշտ ալ շաղախուած կ՛ըլլային Դաշնակցութեան հանդէպ անոր տարծած ամո՛ւր հաւատքով ու վստահութեամբ:

Բարեկամական հաւաքոյթներուն, երբ հնչէին ազգային երգերը, Եզեկիէլը անպայման իր յուզումնական ձայնով պէտք էր արտասանէր. «Բանտիս դռներն էին եօթը»…

Եւ այս բոլորը գօտեպնդող ազդակը անոր ամուր հաւատքն էր ու հաւատացեալի հաւատարմութիւնը զինք անկեղծօրէն կը շաղկապէր նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ու կը մնար ծարաւի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր իրագործումներուն:

Մեր անցեալի սերունդը ունեցած է Եզեկիէլին նման խիզախ, գաղտնապահ ու կորովագութ հաւատաւորներ, որոնք դարբնած են անցեալի դժուարին օրերը: Անոնք մի՛շտ ներշնչող ու աւիշ պարգեւող լոյսը կը մնան մեր ապագայ սերունդներուն:

Վարձքդ կատա՜ր, սիրելի՛ ընկեր,

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Նախորդը

Ռոբերտ Եսայեանի «Յիշողութեան Քարտէսը»

Յաջորդը

Իմ Տնօրէններս. Բիւզանդ Եղիայեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.