Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար կոչ ուղղած է փակելու շրջանին մէջ հակասութիւններու ու ատելութեան էջը եւ սկսելու կառուցել հասարակաց ապագայ` հիմնուած միջազգային օրէնքի արժեչափերու յարգման վրայ: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Աքար բարձր գնահատած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու դիրքորոշումն ու շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման մասին յայտարարութիւնները:
«Մենք անկեղծօրէն յոյս ունինք, որ Հայաստանը անպատասխան չի ձգեր Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի երկարած խաղաղութեան ձեռքը», ընդգծած է թուրք նախարարը:
Եզրափակելով` Աքար մատնանշած է Հարաւային Կովկասի մէջ շրջանային հաղորդակցութիւններու, ներառեալ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման կարեւորութիւնը:
Աքար իր խօսքը փակած է «Կեցցէ՛ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ եղբայրութիւնը» խօսքերով:


