Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը Հայաստանին չի գոհացներ, եւ Ուաշինկթընը, օգտուելով ատկէ, «կարեւոր բանակցութիւններ» կը վարէ Երեւանի հետ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Լին Թրէյսի:
«Հայերը ինծի կ՛ըսեն, թէ որովհետեւ չեն ուզեր վերադառնալ անցեալ` փտած ղեկավարներուն, անոնք կ՛ուզեն աւելի պայծառ ապագայ գտնել: Կրկին անդրադառնալով Ռուսիոյ նիւթին` կը կարծեմ, որ խնդիրը այս է, եւ հայերը ասիկա կ՛ըսեն. անոնք կը տեսնեն, որ Ռուսիոյ հետ իրենց նախկին եւ ներկայ յարաբերութիւնները չեն բաւարարեր Հայաստանի այսօրուան կարիքները: Կը կարծեմ մենք` Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը, այժմ կը գտնուինք յաջորդ փուլին մէջ. մենք քանի մը շատ կարեւոր բանակցութիւններ կը վարենք անոր վերաբերեալ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել Հայաստանին, որ, իմ կարծիքովս, կը շարունակէ ձգտիլ, աւելի ժողովրդավարական եւ ապահով ապագայ», ըսած է Թրէյսի:
«Ես կ՛ըսեմ, որ կան նաեւ բազմաթիւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներ, որոնց մէջ Ռուսիան դեր կը խաղայ, եւ որոնց մենք պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք», աւելցուցած է ամերիկացի դիւանագէտը:
Ան այս մասին յայտնած է իր թեկնածութեան քննարկման նուիրուած Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ լսումներու ժամանակ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին առաջադրուելէ առաջ, ան Երեւանի մէջ դեսպանի պաշտօնը կը վարէր


