Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդգծելով Հայ-Սուրիական Եղբայրական Յարաբերութիւնները` «Վաղուան Սուրիան Պիտի Ըլլայ Աւելի Առողջ Եւ Աւելի Հզօր» «Վանայ Ձայն»-Ին Ըսաւ Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

March 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալի Ապտել Քարիմ Ալի

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել   Քարիմ Ալի լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ  Սուրիոյ ապագային գծով` ընդգծելով, որ Սուրիա իր այժմու տագնապէն դուրս պիտի գայ  յաղթահարելով բոլոր արգելքները: «Վաղուան  Սուրիան պիտի ըլլայ աւելի առողջ եւ աւելի  հզօր», շեշտեց ան:

«Վանայ Ձայն»-ի արաբերէն բաժինի խօսնակ  Հալա Հատտատի հետ «Օրը-օրին» («Քըլ   եաումպի եաումու») խորագրեալ յայտագիրին  ընթացքին իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ  Սուրիոյ դեսպանը անդրադարձաւ շուրջ տարիէ  մը ի վեր Սուրիան հարուածող տագնապի այլազան երեսներուն` պարզելով անոնց  դրդապատճառներն ու հեռանկարները:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հարցազրոյցին ընթացքին դեսպան Ալի դիտել տուաւ, որ  ամիսներէ ի վեր  Սուրիան հարուածող  փորձերը  հետեւանք են Սուրիոյ դէմ լարուած վտանգաւոր դաւադրութեան ու «բաց» թշնամանքի, եւ ահաբեկչական այդ արարքները ցոյց տուին  Սուրիոյ ներքին ամրակուռ կառոյցն ու ներքին միասնականութիւնը եւ սուրիացիներու գիտակցութիւնն ու արթնամտութիւնը` զիրենք   պատած պատուհասին, վտանգին ու տարողութեան գծով: «Աւելի՛ն. այդ բոլոր սադրանքները փորձաքար մը եղան Սուրիոյ համար, որ յաջողեցաւ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները», նշեց Սուրիոյ դեսպանը`  ընդգծելով, որ բարեկարգումները Սուրիոյ համար անհրաժեշտ քայլեր ու միջոցառումներ են եւ ոչ  թէ հետեւանք են ներքին թէ արտաքին ճնշումներու:

«Սուրիոյ դէպքերը, հակառակ իրենց պատճառած  վէրքերուն  ու դառնութեանց, առիթ ստեղծեցին մշակելու նոր սահմանադրութիւնը, որուն  բովանդակութիւնը կու գայ սուրիացիներու արդար կարիքներուն ընդառաջելու», ըսաւ ան:

Արտաքին զինուորական միջամտութեանց մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սուրիոյ դեսպանը դիտել տուաւ, որ նման կոչեր պարզապէս սին գրաւներ են, որոնք զուրկ են ժողովրդային զօրակցութենէ ու ենթահողէ: Ընդհակառակն` նման փորձեր պարզապէս ամրապնդեցին  սուրիացիներուն ազգային ու հայրենասիրական պատկանելիութեան ու հպարտանքի զգացումները:

Սահմանային շրջաններէն ապօրինի կերպով  դէպի Սուրիա թափանցող զինեալներու երեւոյթին գծով Սուրիոյ դեսպանը  յայտնեց, որ այդ քայլերը կը միտին լարուածութիւն հրահրել: Ան այս գծով դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` նման թափանցումներու արգիլման թէ խափանման գծով: Միաժամանակ  ան մաղթեց, որ տեղական թէ շրջանային արբանեակային  կայաններ անաչառ ու առարկայական մօտեցում ցուցաբերեն  եւ ոչ թէ  հրահրիչ  դեր կատարեն: «Այս  բոլորին թիրախը  Սուրիան է, Սուրիոյ վարկն ու դերը շրջանին մէջ` իբրեւ իսրայէլեան ոտնձգութեանց դէմ կանգնող պատուար», ընդգծեց Սուրիոյ դեսպանը:  «Հիմնականին մէջ, Իսրայէլի  ապահովութեան երաշխաւորումն է անոնց նպատակը, եւ այս մէկը  աւելի բացայայտ դարձաւ, երբ նախագահ  Օպամա սուրբ պարտականութիւն որակեց   Իսրայէլի ապահովութեան ամրապնդումը», շեշտեց դեսպան Ալի: «Ասիկա նորութիւն չէ,  2006-ի յարձակումին ընթացքին ակներեւ էր, որ շղթայազերծուած յարձակումը նպատակ ունէր  զինաթափ ընել ու հարուածել Դիմադրութիւնը, ինչ  որ կարելի չեղաւ: Հիմա կրկին կը փորձեն ուժաթափ ընել Դիմադրութիւնն ու անոր զօրակից  կողմերը, գլխաւորաբար` Սուրիան», նշեց ան:   Սուրիա զօրակից է Իսրայէլի դէմ բոլոր կողմերու դիմադրութեանց, անկախ անոնց անուանումներէն, եւ այդ Դիմադրութեան պահպանումն ու շարունակումը գլխաւոր մարտահրաւէր մըն էր եւ կը շարունակէ մնալ:

Անդրադառնալով վերջերս Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան գծով կայացած     հանրաքուէին, որուն ընթացքին քուէարկողներու 57.6 առ հարիւր համեմատութիւնը թեր արտայայտուեցաւ, Սուրիոյ դեսպանը զայն նկատեց գոհացուցիչ` նկատի ունենալով զանազան կողմերէն զայն խափանելու փորձերը:

Սուրիոյ դեսպանը դրուատեց իր երկրի դաշնակիցներուն, յատկապէս` Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի թէ բարեկամ այլ երկիրներու կեցուածքները` ընդգծելով, որ «թշնամիներու, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու եւ միւսներու գրաւները` Սուրիոյ վարչակարգի մօտալուտ փլուզումին գծով, ձախողեցան, եւ  Սուրիա այդ տագնապէն դուրս եկաւ աւելի միասնակամ»: «Սուրիա նախանձախնդիր է բոլոր հարցերը լուծելու եւ ընդառաջելու բոլոր միջոցառումներուն, պայմանաւ որ  անոնք ըլլան իրաւացիօրէն մարդկային նպատակներով, սակայն հոս ու հոն շրջան ընող բոլոր   դիպաշարերը կը միտին հարուածել Սուրիոյ  շրջանային դերակատարութիւնն ու վարկը», դիտել տուաւ Սուրիոյ  դեսպանը:

Ֆրանսայի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` ան յայտնեց, որ Սուրիա  կ՛ընդառաջէ բոլոր դիմումներուն, յատկապէս լրագրողներուն: Սակայն ապօրինի կերպով  Սուրիա մուտք գործած լրագրողներու պարագան կը բացայայտէ ֆրանսական կողմին օրինազանցութիւնը: Ան յայտնեց, որ ճշգրիտ տուեալներ չունի արգելափակեալ ֆրանսացի սպաներու հարցին գծով:

Եզրափակելով` Սուրիոյ դեսպանը ընդգծեց, որ Սուրիա պիտի շարունակէ դէմ կենալ իր ապահովութիւնը խախտելու միտող բոլոր  քայլերուն:

Իբրեւ վերջին խօսք, դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալի դրուատեց Լիբանանի թէ Սուրիոյ հայութեան կեցուածքը` վերահաստատելով լիբանանեւսուրիական ու հայեւսուրիական եղբայրական կապերը` մաղթելով, որ կայունութիւնը ամրապնդուի Լիբանանի մէջ: Դեսպան Ալի ողջունեց «Վանայ ձայն»-ը եւ «սիրելի հայ ժողովուրդը, որուն մէկ հիմնական ու մեծ մասը բաժին ինկած է Սուրիոյ  ու կ՛ապրի հոն եւ կը յատկանշուի եղբայրական խոր ու երկարամեայ, երկարատեւ յարաբերութեամբ»: «Անձնապէս հպարտ եմ մեր միջեւ եղող եղբայրական սիրալիր ու բարեկամական յարաբերութեամբ  ու  յաջողութիւն կը մաղթեմ այս կայանին («Վանայ ձայն»-ին «Ա.»), նաեւ Լիբանանին կը մաղթեմ ապահովութիւն ու կայունութիւն», յայտնեց Սուրիոյ դեսպանը եւ աւելցուց. «Կը մաղթեմ, որ լիբանանեւսուրիական, ինչպէս նաեւ հայեւսուրիական յարաբերութիւնները ըլլան միշտ յաջող եւ իրենց կարգին ապահովութիւն ու կայունութիւն ներշնչեն եւ անդորրութիւն ցոլացնեն ամբողջ շրջանին մէջ` իրենց դրական անդրադարձը ունենալով միջազգային ապահովութեան ու խաղաղութեան վրայ»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սալամ Սուր – Մապարրա Մրցումով Կը Սկսի 18-րդ Հանգրուանը

Յաջորդը

Խմբագրական. Հայագիտութիւն Եւ Մեթոտաբանութիւն(Ուսուցիչներու Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.