Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» Սրահին Մէջ Խրախճանք` Ուսուցչաց Տօնին Առիթով

March 9, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առաջնորդ սրբազանը` չէքերը ստացած տնօրէններուն հետ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` հինգշաբթի, 8 մարտ 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` Ուսուցչաց տօնին առիթով, ներկայութեամբ Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմերուն:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Սեդա Մանկասարեան: Ան հաստատեց, որ հայ դպրոցը տասնամեակներու ընթացքին հայ պահած է սփիւռքի սիրտը` Լիբանանը, շնորհիւ իր ուսուցիչներուն, որոնք հայ աշակերտներուն տուին ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային ինքնութիւն, անոնց ջամբեցին գիտութիւն, հարստացուցին աշակերտներուն անհատականութիւնը եւ առաջնորդեցին զանոնք դէպի վերելք: «Ուսուցիչին ձգած ազդեցութիւնը յաւիտեան է, որովհետեւ իր ցանած սերմերը յարատեւ կ՛աճին», եզրափակեց Սեդա Մանկասարեան:

Այնուհետեւ գաղութի սիրուած երգչուհի եւ էսթրատային երգերու մեկնաբան Նուշիկ Սարգիսեան` ընկերակցութեամբ երգեհոնի վրայ Սագօ Պետրոսեանի, խանդավառեց մթնոլորտը:

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան յայտնեց, որ ասիկա շատ յատկանշական օր մըն է` աւելցնելով, որ ուսուցիչը գոյապայքար է, գիտակցութեան սերմանողն է: Ան բացատրեց, որ ան գոյապայքար է, որովհետեւ հայ ուսուցիչը միայն կրնայ հայ գիտակցութիւնը փոխանցել մեր սերունդներուն, որպէսզի անոնք կարենան հայկական ազգային կեանք ապրիլ: «Եթէ հայկական վարժարանները սփիւռքի գոյութեան կմախքն են` այդ կմախքին ողնայարը ուսուցչակազմն է», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը յորդորեց ներկաները, որ անձնական եւ հաւաքական ձեռնարկները վստահին «Հայ ֆուտ»-ին, որովհետեւ «Հայ ֆուտ»-ին տրամադրուած գումարը պիտի վերադառնայ ազգային վարժարաններուն: Ան յայտնեց, որ այս տարի եւս «Հայ ֆուտ»-ը Ազգային վարժարաններուն պիտի տրամադրէ 60 միլիոն լիբ. ոսկի` իւրաքանչիւր վարժարանի 6 միլիոն լիբ. ոսկի:

Աւարտին չէքերը յանձնուեցան վարժարաններու տնօրէններուն:

Նշենք, որ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Նժդեհ Պոտրումեան:

 

Նախորդը

Խմբագրական. Հայագիտութիւն Եւ Մեթոտաբանութիւն(Ուսուցիչներու Օրուան Առիթով)

Յաջորդը

Մեծարելով Արամ Հայկազն Ու Անոր Գրականութիւնը` Գրագէտ Յակոբ Պալեան Արծարծեց Հայութեան Եւ Հայ Գրականութեան Ցաւերը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.