Արցախցի Դաւիթ Գրիգորեան`
Աշխարհի Փոխախոյեան
Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցող սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան առաջին օրը, Մաքսիմ Մանուկեան Հայաստանի համար ապահովեց առաջին մետալը:
Արդարեւ, 64 քկ դասակարգի մրցումներուն, Մանուկեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` իր յաղթանակը արձանագրելով ղազախ Իմախանովի դէմ:
Ախոյեանութեան երկրորդ օրը, արցախցի Դաւիթ Գրիգորեան Հայաստանի համար ապահովեց արծաթ մետալ մը:
Ան 88 քկ դասակարգի մրցումներու կիսաւարտականին իր յաղթանակը արձանագրեց ազրպէյճանցի Ճէյհուն Հուսէյնովի դէմ, 5-4 արդիւնքով:
Աւարտականին սակայն, ան պարտուեցաւ աշխարհի եռակի ախոյեան ռուս Սերկէյ Ռեապովէն, այսպիսով Հայաստանի համար ապահովելով փոխախոյեանի կոչումը: