Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին մասնակցող կազմերէն Ուրուկուէյ իր կարգին հրապարակեց ախոյեանութեան մասնակցող իր մարզիկներուն անունները:
Մարզիչ Տիեկօ Ալոնսոյի հրապարակած ցանկէն դուրս մնաց հայազգի ֆութպոլիստ Տիեկօ Ռոսսի Մարաշլեան:
24 տարեկան Մարաշլեան, որ չորս անգամ կրած է Ուրուկուէի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, անցեալին մաս կազմած է Ուրուկուէյի 15, 17, 18, 20 եւ 23 տարեկանէն վար հաւաքականներուն:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալին Ուրուկուէյի մրցակիցները պիտի ըլլան Հարաւային Քորէա, Փորթուգալ եւ Կանա: