Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լաչինի միջանցքը փակելու ծրագիրներուն մասին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները գնահատած է իբրեւ շրջանին մէջ լարուածութիւնը սրելու միտումնաւոր փորձ եւ հայկական կողմը մեղադրած այդ ճամբան «անօրինական զինուորական գործունէութեան համար օգտագործելու» յանցանքով:
«Հայկական կողմը, խախտելով եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտին համաձայն ստանձնած պարտաւորութիւնները, կը ձգձգէ Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ հաղորդակցութիւններու բացման հոլովոյթը: Ազրպէյճանը, իր կարգին, կառուցելով Լաչինի նոր ճամբան, յստակ կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները: Այդ պարագային Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւնը, թէ Ազրպէյճանը մտադիր է փակել Լաչինի ճամբան, ոչ այլ ինչ է, քան շրջանին մէջ լարուածութիւնը սրելու միտումնաւոր փորձ», տարածուած մեկնաբանութեան մէջ ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այհան Հաճիզատէ:
Ան պնդած է, որ եռակողմ յայտարարութեամբ Պաքուն կ՛երաշխաւորէ քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու տեղաշարժի անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով միայն Լաչինի ճամբով, եւ «այդ ճամբու զինուորական նպատակներով օգտագործումը անընդունելի է»: «Ինչպէս կը խոստովանին նաեւ հայ պաշտօնատարները, հայկական զինեալ կազմաւորումները ամբողջութեամբ դուրս չեն բերուած ազրպէյճանական տարածքներէն, եւ 2021 թուականին Հայաստանի մէջ արտադրուած ականները նոյնպէս կը տեղափոխուին ազրպէյճանական տարածք: Ասիկա կը նշանակէ, որ հակառակ եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտի` հայկական կողմէն Լաչինի ճամբու չարաշահումները կը շարունակուին ապօրինի զինուորական գործողութիւններու համար», նշուած է մեկնաբանութեան մէջ:
Փաշինեան հինգշաբթի օր Հայաստանի կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտարարած էր, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները մտադիր են մտացածին պատրուակով փակել Լաչինի միջանցքը եւ Լեռնային Ղարաբաղը պահել շրջափակման մէջ:


